Ապրումներով շաղախուած շա՜տ-շատ յիշատակներ արձանագրած եմ թուղթերու վրայ։ Թուղթեր, որոնք  արտացոլած են Ճեմարանէն ներս անցուցած վեց տարուան, մասնաւորապէս աւարտական դասարանի վերջին օրերու անմոռանալի զգացումներս։

Տարիներ շարունակ մտերմացած եմ Ճեմարանի վիթխարի կառոյցին հետ եւ աճած անոր հպարտալի պատմութիւններով եւ առթած սիրով։ Այսօր զգացումներս կ’արտայայտեմ Ճեմարանաւարտի համարձակ գրիչով։
Դպրոցիս պատերէն ներս ապրած եմ տարաբնոյթ զգացումներ՝ ուրախութիւն, ընկերասիրութիւն, մտահոգութիւն, քննութիւններու նախօրէի տագնապ…  ու  անոնցմով իսկ զօրացած։
Տարիներէ ի վեր սպասուած վերջին զանգը յուզումով լսեցի։ Այդ պահուն կարծէք ցտեսութիւն յայտնեցի դպրոցիս պատերուն, որոնք ինձմէ լաւ կը ճանչնան զիս։ Դժուար վայրկեաններ էին, երբ դասընկերներով իրար փաթթուած կ’երգէինք «Վերջին Զանգը». երգ մը, որ բոլորիս համար նոր կեանքի մը ազդանշանն էր կարծէք ու բաժանումի զանգ։ Աչքերուս առջեւ պատկերուեցաւ Ճեմարանէն ներս անցուցած 6 տարիներուս դիպաշարը… Առաջին մուտքս Ճեմարան, զբօսանքները, անմոռանալի դասապահերը, ընկերովի մեր զրոյցները եւ շա՜տ դէպքեր։ Ճեմարանէն ներս ունեցած յիշատակներս նկարագրելը գրիչէս այնքան մելան կը խլէ, որ անկարող
կը դարձնէ զայն՝ նկարագրելու ամէն բան։
Հակառակ Ճեմարանաւարտ ըլլալուս, բաւարարուածութեան կենսաբուխ զգացումը չէր հոգւոյս տիրողը այդ պահուն, այլ՝ կարօտն էր տակաւին իրմէ չբաժնուած, կարիքը ճեմարանի գուրգուրանքին՝ իր գրկին մէջ իսկ։
Երբ կը դիտեմ վեց տարիներու լուսանկարներս, մարմինս կը փշաքաղուի ու ամիսներէ ի վեր զսպուած արցունքներս անզգալաբար
կը յորդին այտերս
ի վար։ Յիշատակները զիս կը կանչեն ու ես
կը նետուիմ անցեալի տաքուկ ու անբիծ գիրկը։
Որպէս ԱՔԵ Ճեմարանի շրջանաւարտներ, կ’եզրափակենք վեցամեայ կրթական փայլուն փուլ մը եւ քայլ մը կ’առնենք նոր կեանքի խոստմնալից ճամբուն վրայ՝ մեր թիկունքին ունենալով Ճեմարանի ուսումն ու դաստիարակութիւնը, ուսուցիչներուն եւ դաստիարակներուն յորդորներն ու քաջալերանքը որպէս յենարան։
Ի պատիւ մեզի, մեր սերունդը կոչուեցաւ «Թելլո Փափազեան» սերունդ՝ մեր շատ սիրելի, պարտաճանաչ եւ բծախնդիր ուսուցչուհիին անունով, որուն ներաշխարհը պարուրուած էր սիրով եւ գուրգուրանքով Ճեմարանին ու աշակերտութեան հանդէպ։ Օրիորդ Թելլոյի աշխուժութիւնը եւ դրական մօտեցումը յոյսի շողեր էին բոլորիս համար։ Բոլոր Ճեմարանականները անխտիր կը սիրէին զինք։ Օրիորդ Թելլոյին համար դպրոցը կեդրոն մըն է, ուր կարգն ու կանոնը, ժամադրութիւնն ու հանգամանքը կը յարգուին եւ ամէն անկիւն հայկականութիւն կը բուրէ։
Շա՛տ սիրելի օրիո՛րդ Թելլո, վստահ եղէ՛ք, որ մենք պիտի ներշնչուինք ձեր վառ օրինակով՝ նուիրումով, պարկեշտութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ ազնուութեամբ։
Աւարտելով կ’ուզեմ արձանագրել, որ Ճեմարանի դաստիարակին առաւօտեան բարեւը կ’արժէ հազար արեւ, ուսուցիչ-աշակերտ մտերմութիւնը՝ հազար բարեկամութիւն, իսկ Ճեմարանի անսահման գուրգուրանքը՝ հազար յորդոր ու խրատ։
Ցտեսութիւն, Ճեմարա՛ն, իւրաքանչիւր անկիւնդ պիտի շարունակէ մեր մէջ գեղեցիկ յիշատակներ արթնցնել։
Անհուն կեանք կը մաղթեմ 78 տարեկան, բայց հոգիով երիտասարդ Ճեմարանին։
Եսթեր Կիւլտալեան