Կառավարական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ 26 Օգոստոսին Դամասկոսի հարաւը գտնուող ալ-Մանիա լեռան մօտ դաշտային շրջայցի ընթացքին, սուրիական բանակի միաւորները տարածքին մէջ յայտնաբերած են հսկողութեան եւ գաղտնալսումի սարքեր: Աղբիւրը պարզեց, որ սարքերը սերտելու ատեն տարածքը ենթարկուած է իսրայէլական օդային հարուածի, որուն հետեւանքով զոհուած են շարք մը զինուորներ, վիրաւորուած են ուրիշներ, իսկ մեքենաները ոչնչացուած են:
Աղբիւրին համաձայն, օդային հարուածները և անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումները շարունակած են խոչընդոտել տարածք մուտք գործելը մինչև 27 Օգոստոսի երեկոյեան։ Միևնոյն ատեն, բանակային խումբերը ոչնչացուցած են համակարգերու մէկ մասը՝ համապատասխան զէնքերով եւ վերադարձուցած են նահատակներու մարմինները: Աղբիւրը յայտնած է, որ իսրայէլական ռազմական ինքնաթիռները հետագային քանի մը անգամ ռմբակոծած են վայրը, որուն յաջորդած է օդային վայրէջք։

Վայրէջքի մանրամասնութիւնները դեռ յայտնի չեն: