Հայաստանի եւ Իրաքի տնտեսական յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն մեծ թափ ստացած են, տարուան առաջին կիսամեակի արդիւնքներով առեւ-տրաշրջանառութիւնը գրեթէ կրկնապատկուած է: Սակայն երկու երկիրներն ալ յարաբերութիւններուն մէջ տակաւին չօգտագործուած մեծ ներուժ կը տեսնեն ու մտադիր են ընդլայնել գործակցութեան ուղղութիւնները:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է  Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրաքի Հանրապետութեան միջեւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով միջկառավարական միատեղ յանձնաժողովի 4-րդ նիստը։