Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութիւնը ողջունեց ԱՄՆ-ի Ելեւմուտքի Նախարարութեան որոշումը՝ ջնջելու Սուրիոյ անունը դաշնային օրէնսգիրքին մէջ տեղադրուած պատժամիջոցներու ցանկէն:
Սոյն որոշումը յաջորդեց ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ պատժամիջոցներու չեղարկման մասին արձակուած գործադիր հրամանին։
Այս առիթով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հա-ղորդագրութեամբ շեշտեց, որ այս քայլը ճիշդ ուղղութեան վրայ դրական զարգացում է, որ անմիջականօրէն պիտի ազդէ Սուրիոյ ժողովուրդի մար-դասիրական եւ տնտեսական իրավիճակին վրայ եւ նպաստէ առեւտրական ու ֆինանսական շարժումի վերաշխուժացման՝ նոր հորիզոններ բանալով երկու երկիրներու տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան համար։
Նախարարութիւնը ըսաւ. «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը կը կարծէ, որ այս որոշման համընկնումը ԱՄՆ Քոնկրէսի երկրորդ պաշտօնական պատուիրակութեան Դամասկոս այցելութեան հետ կարեւոր նշանակութիւն ունի երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ փոխադարձ յարգանքի եւ կառուցողական երկխօսութեան վրայ հիմնուած նոր էջ բանալու համար»։
Նախարարութիւնը աւելցուց. «Այս ծիրէն ներս, Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա քոնկրէսի երկրորդ պատուիրակութիւնը ընդունեց, որուն ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներու գործակցութեան զարգացման եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման միջոցներուն շուրջ։ Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ ԱՄՆ քոնկրէսին զօրակցութիւնը Սուրիոյ դէմ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցներու չեղարկման, ինչպէս նաեւ ընթացիկ տարուան աւարտին «Կայսեր օրէնք»-ի չեղեալ համարումին գծով տարուող աշխատանքներուն»:
Նախարարութիւնը շարունակեց. «Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նախագահին հետ՝ պաշտպանութեան, ներքին գործոց, ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարարներուն ներկայութեամբ։ Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ երկու երկիրներու գործակցութեան նոր հորիզոններ բանալու միջոցները: Հաստատուեցաւ ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները, այդ կարգին՝ «Կայսեր օրէնք»-ը մինչեւ տարեվերջ չեղարկելու պատրաստակամութիւնը»:
Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ կառավարութիւնը կը հաստատէ իր յանձնառութիւնը շարունակելու երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը բոլոր միջազգային գործընկերներու հետ՝ հիմնուելով ինքնիշխանութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն վրայ, այնպիսի եղանակով, որ կը ծառայէ սուրիացի ժողովուրդին եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներու կայունութեան ու բարգաւաճման»։