Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Յորդանան եւ Լիբանան խստիւ կը դատապարտեն Իսրայէլի միջամտութիւնը Սուրիոյ ներքին հարցերուն եւ իսրայէլեան ուժերուն սուրիական հողեր ներխուժելը, կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան կանխելու նման խախտումներ:

Անոնք իսրայէլեան ոտնձգութիւնները խախտում կը համարեն Սուրիոյ Հանրապետութեան գերիշխանութեան, միջազգային օրէնքին եւ 1974-ին Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի գոյատեւման համաձայնութեան: