Ուրբաթ, 15 Օգոստոսին, Ալասքայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ գումարուեցաւ վեհաժողով մը՝ մասնակցութեամբ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն: Հանդիպումը սկսաւ նեղ կազմով: Աւելի ուշ պատուիրակութիւններու անդամները միացան ղեկավարներուն, եւ Թրամփի ու Փութինի միջեւ հանդիպումը վերածուեցաւ «երեք-երեք» ձեւաչափով հանդիպումի: Deutsche Welle յայտնեց հանդիպումի հետեւեալ մանրամասնութիւնները.
-ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Թրամփն ու Փութինը լքեցին Ալասքան՝ գրեթէ երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք, որոնք տեղի ունեցան ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու Էլմէնտորֆ-Ռիչըրտսըն խարիսխի՝ Անքորիջ քաղաքին մէջ։ Անոնք հանդէս եկան մամուլի միատեղ յայտարարութեամբ։
-Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողները ոչ մէկ հարցում ուղղեցին, երկու առաջնորդներն ալ բանակցութիւնները «արդիւնաւէտ» անուանեցին։ Տանըլտ Թրամփ ըսաւ, որ Ուքրանիոյ պատերազմի աւարտին շուրջ «տակաւին» որեւէ համաձայնութիւն չէ գոյացած, սակայն Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ շարք մը հարցերու շուրջ համաձայնութիւններ եղած են։
-Իր ելոյթի աւարտին Թրամփ յայտնեց, որ չի բացառեր այլ հանդիպում մը Փութինի հետ «շատ շուտով»։ Ռուսիոյ նախագահը, իր կարգին, առաջարկեց յաջորդ հանդիպումը կատարել Մոսկուայի մէջ։ Թրամփ առաջարկը «հետաքրքրական» անուանեց։
-Reuters գործակալութեան տուեալներուն համաձայն, ԱՄՆ առաջին տիկին Մելանի Թրամփ Վլատիմիր Փութինին անձնական նամակ փոխանցեց, ուր արծարծեց Ռուսիոյ կողմէ առեւանգուած ուքրանացի մանուկներու հարցը։ Նամակը, ըստ տեղեկութիւններու, ԱՄՆ նախագահը փոխանցեց Ռուսիոյ նախագահին, բանակցութիւններու ընթացքին։
– Fox News-ին տուած հարցազրոյցին, Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ռուսական քարիւղ գնող երկիրներուն դէմ երկրորդական պատժամիջոցներու սահմանումը երկու-երեք շաբաթով պիտի յետաձգէ՝ «լաւ» հանդիպումին հետեւանքով։ Թրամփ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիին խորհուրդ տուաւ համաձայնիլ Ռուսիոյ հետ՝ աւելցնելով, որ «Ուքրանիան հաւանաբար մերժէ առաջարկը»։