Երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզէշքեան, որ պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ։
Նախքան Հայաստան հասնիլը «Թասնիմ»-ի հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Փեզէշքեան ըսաւ, որ Երեւանի մէջ պիտի քննարկէ հիւսիս-հարաւ միջանցքի հարցը, իսկ արեւելք-արեւմուտք ճամբան եւս բնականաբար պիտի դառնայ յարմարաւէտ հարթակ մը` այս ուղղութեամբ առեւտրական ճամբու զարգացման համար։ Ան դիտել տուաւ, որ քննարկումի առարկայ պիտի դառնան նաեւ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայութեան վերաբերող մտահոգութիւնները, որովհետեւ այս ընկերութիւնները սովորաբար կը ներկայանան իբրեւ սովորական ընկերութիւններ, սակայն հետագային կը զբաղին այլ
գործունէութեամբ:
Նախքան Իրանի նախագահի պատուիրակութեան Հայաստան ժամանելը, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի եւս այս մասին խօսեցաւ եւ դիտել տուաւ, որ այցելութեան նպատակը Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական քարտէզի անփոփոխութեան ապահովումն է: «Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններով մենք նկատի ունինք միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութիւնը, սահմաններու տեղաշարժը կամ տարածաշրջանային պետութիւններու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վտանգուիլը», բացատրեց Արաղճի՝ զգուշացնելով, որ Թեհրան «այդպիսի բան պիտի չհանդուրժէ»:
Ան շեշտեց, որ Իրանի դիրքորոշումը չէ փոխուած. իրենք դէմ են
տարածաշրջանին մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութեան կամ օտար զինուորական ներկայութեան: Իրանի աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան սահմանումը վերացական չէ:
Իրանի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Գեղարդ Մանսուրեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Իրանի սահմանակից Սիւնիքով անցնող ճամբուն վերաբերող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ պայմանաւորուածութիւններուն մէջ կան հարցեր եւ երկիմաստութիւններ, զորս Իրանի նախագահը պիտի քննարկէ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ:
Երեքշաբթի առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրէն ներս ընթացք առաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի և Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզէշքիանի առանձնազրոյցը։