Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու խումբ մը յայտարարութուն տարածած է Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի, ԱՄՆ-ի և Ատդպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ընթացած բանակցութիւններէն ետք։

Մասնաւորապէս, Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչները յոյս յայտնած են, որ ատրպէյճանական զօրքերու արագ դուրսբերման և Ատրպէյճանի մէջ անօրինական կերպով պահուող հայ գերիներու հարցի լուծման վերաբերեալ։

Յայտարարութիւնը ստորագրած են Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի (AFET) նախագահ, Եւրոխորհրդարանի անդամ Տէյվիտ ՄըքԱլիստըրը, Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան ղեկավար, Եւրոխորհրդարանի անդամ Սերկէյ Լակոտինսքին, Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութուններու պատուիրակութեան ղեկավար, Եւրոխորհրդարանի անդամ Նիլս Ուշաքովսը, AFET-ի Հայաստանի հարցերով մշտական զեկուցող, Եւրոխորհրդարանի անդամ Միրիամ Լեքսմանը, Ատդպէյճանի հարցերով AFET-ի մշտական զեկուցող, Եւրոխորհրդարանի անդամ Տէն Պարնան։

Յայտարարութեան մէջ յատկապէս կ՚ըսուի.
«Կ’ողջունենք ղեկավարներու անվերապահ հաւատարմութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագիրին, ինչպէս նաեւ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածք ձեռք բերելու համար ուժի կիրառման անթոյլատրելիութեան սկզբունքներուն:

Կ’ակնկալենք, որ ատիկա կը յանգեցնէ սահմաններու սահմանազատման գործընթացին մէջ հետագայ յառաջընթացի եւ մօտ ապագային Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ատրպէյճանական ուժերու լիակատար դուրսբերումին։

Միաժամանակ կը նշենք Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ տեղահանուած ղարաբաղցի հայերու անլոյծ հարցերը լուծելու անհրաժեշտութիւնը։