Հարաւային Կովկասը կը շարունակէ մնալ աշխարհաքաղաքական շահերու բախման կեդրոն։ Այդ իսկ պատճառով Սպիտակ տան մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եռակողմ հանդիպումը համաշխարհային, յատկապէս հայկական աշխարհին ուշադրութեան կ’արժանանայ։ Սպիտակ տան մէջ Հայաստան իր ինքնիշխանութիւնը պահպանելու, Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն վերջ տալու եւ Իրանի հետ յարաբերութիւնները անխաթար շարունակելու համար նուրբ ու ճակատագրական հարցերու յաղթահարման ճկունութիւն պարտի ցուցաբերել՝ աշխարհաքաղաքական շահերու բախումներու լոյսին տակ։
Ամէն պարագայի այս հանդիպումը կա՛մ հարցերու արմատական լուծման առաջնորդելու մեկնարկ պիտի ըլլայ, եթէ համաձայնութեան արդիւնքով երաշխաւորուին Հայաստանի ինքնիշխանութեան պահպանումը, երկրի ապահովութիւնն ու տնտեսական աշխուժացումը, միեւնոյն ատեն, 9 Նոյեմբերի համաձայնագրով սահմանուած Լաչինի անցքի օգտագործման համար Հայաստանին եւս ճամբայ բացուի՝ Ատրպէյճանին Զանգեզուրէն անցք տալուն փոխարէն, եւ վերջապէս Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու եւ արցախահայութեան վերադարձին ակնարկութիւն ըլլայ։ Ասիկա ամենաբախտաւոր պարագային։
Միւս կողմէ, հանդիպումը կրնայ պարզապէս ԱՄՆ-ի կողմէ շահադիտական քայլ մը ըլլալ, Հայաստան-Ատրպէյճան լարուած յարաբերութիւնները սոսկ տնտեսական նկատառումներով մեղմացնելու, մէկդի ձգելով քաղաքական հարցերը եւ կեդրոնանալով ճանապարհներու ապաշրջափակման ու անոր հետեւանքով տնտեսական շահերու ԱՄՆ-ի թիրախին վրայ։
ԱՄՆ-ի գլխաւոր նպատակը Հարաւային Կովկաս վերադարձն ու ռուսական ազդեցութեան սահմանափակումն է։ Զանգեզուրի անցքը վարձակալելու դիւանագիտական իր «ձեռքբերում»-ը պիտի օգնէ Թրամփին ինքզինք կարգելու համաշխարհային խաղաղարար։ Այս առաւելութիւնը ան կրնայ ծառայեցնել ինչպէս ներքին, այնպէս ալ միջազգային հանրութեան ցոյց տալու, որ ԱՄՆ ուժեղ է իր աշխարհաքաղաքական հեռանկարներով։ ԱՄՆ այս քայլով կրնայ ընդլայնել նաեւ Պաքուի ընդգրկումը Արեւմուտքի կողմէ ղեկավարուող նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս օրինակ Աբրահամեան համաձայնագրին մէջ։
Հայաստանի իշխանութիւններուն հիմնական ակնկալութիւնները ապահովութեան երաշխիքներն են: Երեւան կ’ակնկալէ կայուն մեքանիզմներ՝ ուժի հաւասարակշռութիւնը պահպանելու իր սահմանին։
Ակներեւ է, որ այս հանդիպումը եւ անկէ բխած արդիւնքները բանակցութիւնները կ’ուղղեն ԱՄՆ-ի միջնորդութեան տարածք, հաւանաբար առանց նախապայմաններու համաձայնագրեր կնքելու հեռանկարով։ Փաստօրէն Ռուսիոյ եւ Պրուքսէլի միջնորդութեամբ ընթացք առած բանակցութիւնները անպտուղ դուրս եկան։ Հայաստան այս քայլով դիւանագիտական պատուար կը ջանայ ստեղծել տարածաշրջանային ճնշումներու՝ յատկապէս Ռուսիոյ դէմ, որուն ազդեցութիւնը այս տարածքին մէջ զգալիօրէն նուազեցաւ 2023-ի ատրպէյճանական յարձակումէն ի վեր։
Ատրպէյճան իր կարգին պիտի ջանայ յառաջ մղել «Զանգեզուրի միջանցք» խօսոյթը՝ ճանապարհային անխոչընդոտ ու անվերահսկելի կապ հաստատելու Նախիջեւանի հետ՝ յուսալով միջազգայնօրէն օրինականացնել «միջանցքային» տրամաբանութիւնը։ Բնականաբար պիտի ջանայ պահպանել նաեւ կենսուժային իր առաւելութիւնները, Թրամփի աջակցութեամբ ամրապնդելու կազային եւ քարիւղային արտահանման վերաբերող Պաքուի դիրքերը՝ վերջ տալով ռուսական կազի արտահանման մենաշնորհին։
Այստեղ կարեւոր դեր ունին նաեւ տարածաշրջանային ուժեղ դերակատարները՝ Ռուսիան, Թուրքիան, եւ Իրանը, որոնք որոշ ուղղութիւններով իրենց շահերը ապահովուած տեսնել կ’ուզեն «Զանգեզուրի միջանցք» անուան տակ բաց ճամբաներու ապահովման գործընթացքին մէջ, որովհետեւ թէեւ այս ճանապարհային օղակը Չինաստանը Կեդրոնական Ասիոյ եւ Թուրքիոյ միջոցաւ պիտի կապէ Եւրոպային, սակայն այս օղակը կ’անցնի նաեւ Կասպից ծովու ափամերձ երկիրներէն՝ ներառեալ Ռուսիայէն եւ Իրանէն, որոնք եւս համաձայն պէտք է գտնուին ջրային այդ տարածքի օգտագործման։
Անշուշտ այս բոլորին մէջ աւելորդ է խօսիլ միջազգային իրաւունքի, բարոյականութեան եւ մարդասիրական սկզբունքներու մասին: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման կարգախօսով, կողմերը ամէն միջոցի կը դիմեն՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի, կենսուժային փոխանցումներու, հակաիրանական եւ հակառուսական ծրագրերու իրականացման համար:
Վերջին քանի մը տարիներուն, հայ ժողովուրդը միջպետական բախող շահերուն հետեւանքով հազարաւոր զոհեր տուաւ, կորսնցուց Արցախը, արցախահայութիւնը տարհանուեցաւ իր բնօրրանէն. այս բոլորէն ետք, ստորագրուող համաձայնագիրը ինչպիսի՛ տնտեսական խոստումներ ալ արձանագրէ, պէտք չէ սպառնայ Զանգեզուրին ու տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի կարեւոր դերակատարութեան։