Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ. շեշտեց իր երկրին զօրակցութիւնը Սուրիոյ։

Յորդանանեան «Բեթրա» լրատու գործակալութեան համաձայն, թագաւորը Քանատայի մայրաքաղաք` Օթաուայի մէջ վարչապետ Մարք Քարնիի հետ հանդիպման ընթացքին շեշտեց Աուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի քաղաքական գործընթացը խաղաղ պայմաններու մէջ շարունակուի, ի նպաստ հարեւան Սուրիոյ ապահովութեան եւ խաղաղութեան։