Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամմի ընդգծած է, որ Սուրիոյ կայունութիւնը կարևոր է Մեծն Բրիտանիոյ ազգային շահերուն համար, քանի որ ատիկա անմիջական ազդեցութիւն ունի այնպիսի կարևոր հարցերու վրայ, ինչպիսիք են ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, տարածաշրջանային կայունութիւնը և անօրինական ներգաղթը: Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած Մեծ Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ ունեցած ելոյթին Լամմի մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ հարաւը տեղի ունեցող դէպքերուն և Իսրայէլի կողմէ հրթիռակոծումներով ուղեկցուող բախումներուն վերաբերեալ: Ան կոչ ուղղսծ է հրադադարի, սուրիացիներու և անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաև այդ դէպքերու հետաքննութեան՝ պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելու համար: Լամմի նաև կոչ ուղղած է յարգելու Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը և ապահովելու մարդասիրական օգնութեան հասանելիութեան և մատակարարման վերականգնումը՝ ըսելով. «Միացեալ Թագաւորութիւնը հպարտ է սուրիացի ժողովուրդին տարիներու ընթացքին ցուցաբերած իր աջակցութեամբ»: