Սուրիոյ Ներքին Գործոց նախարարութեան բանբեր Նուր ատտին ալ-Պապա շեշտեց, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ անհիմն լուրեր կը հրապարակեն Ներքին Ապահովական Ուժերուն Սուէյտա մուտք գործելուն շուրջ։
Ան ըսաւ.”Կը շեշտենք, որ այս առնչութեամբ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ։ Կտրականապէս կը հերքենք հրապարակուած լուրերը եւ լրատուական կողմերու պատասխանատուութեան կը յանձնենք անհիմն լուրերու հրապարակումը”։
Պապա շեշտեց, որ Ներքին Գործոց Նախարարութեան ուժերը ամբողջական պատրաստ, վիճակի մէջ են, սակայն ներկայիս Սուէյտա մուտք գործելու պաշտօնական որեւէ որոշում չկայ։