Քանդակագործութիւնը ըլլալով քարի, մարմարի կամ մետաղի հետ առնչուած, երբեմն «արական» արուեստ կը համարուի, թէեւ արուեստի միջազգային հրապարակին վրայ կան քանի մը հռչակաւոր անուններ, որոնցմէ ամէնէն հանրածանօթը ֆրանսուհի Քամիլ Քլոտէլի անունն է:
Քամիլ Քլօտէլ եղեր է աշակերտուհին քանդակի մեծագոյն վարպետներէն ֆրանսացի Օկիւսթ Ռոտէնի, որ յետոյ դարպասեր է դեռատի արուեստագիտուհին եւ զինք իր սիրուհին դարձուցեր, հակառակ տարիքի մեծ տարբերութեան:
Կ’ըսուի, թէ տեսնելով Քամիլ Քլոտէլի անուրանալի տաղանդը եւ վախնալով իր հռչակին վրայ, Ռոտէն հոգեմտային խախտումով ամբաստանելով Քլոտէլը զայն բանտարկել տուեր է նման հիւանդներու պատսպարանի մը մէջ: Ժողովրդային բանահիւսութի՞ւն թէ իրականութիւն… Ճշմարտութիւնը այն է սակայն, որ Քամիլ Քլոտէլ իր կեանքին մեծ մասը, մինչեւ մահ անցուցեր է այդ պատսպարանին մէջ:
Հայերը եւս ունեցեր են քանդակագործուհիներ, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը Այծեմնիկ Ուրարտուն է: Այլ քանդակագործուհիի անուն լսած չենք մենք՝ այս արուեստը սիրողներս, որ մասնագէտ չենք:
Երբ կը թերթենք Օննիկ Աւետիսեանի կոթողային հատորը՝ «Հայ Գեղանկարիչներ եւ Քանդակագործներ» (Peintres et Sculpteurs Armeniens,1959, Գահիրէ, 492 էջ),այնտեղ որպէս հաճելի անակնկալ հայ քանդակագործուհիներու մէկէ աւելի անուններ կը գտնենք, տարբեր վայրերու եւ տարբեր ժամանակներու մէջ ապրած:
Այս հատորին համար Օ. Աւետիսեան աւելի քան տասը երկար տարիներ աշխատեր է, անհամար նամակներ գրելով տարբեր երկիրներու մէջ ապրած արուեստագէտներու (համացանցային դիւրութիւններ չկային տակաւին եւ նամակի մը պատասխան ստանալը երբեմն քանի մը ամիս կը տեւէր): Յաճախ, երբ իր գրած նամակը անպատասխան մնացեր է, Աւետիսեան գրեր է տուեալ արուեստագէտին ազգականներուն կամ բարեկամներուն, hարցուփորձ ընելով անոր մասին… Մէկ խօսքով երկար, համբերատար աշխատանք, որ մեծ սիրով եւ հայ արուեստին հանդէպ խորունկ հաւատքով միայն կարելի է իրագործել:
Այս հատորը գլխաւորաբար երկու բաժին ունի՝ գեղանկարչութիւն եւ քանդակագործութիւն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բաժնուեր է երկու ենթամասերու՝ հին ժամանակաշրջան եւ նոր շրջան՝ 19-րդ դարէն սկսեալ:
Քանդակագործութեան նուիրուած նոր շրջանին մէջ կը գտնենք անունները հինգ քանդակագործուհիներու՝ Այծեմնիկ Ուրարտու, Տարիա (Դարուհի) Կամսարական, Կիտէթ Գարպոնէլ, Նուարդ Զարեան եւ Մարի Կէրէքմէզեան:
ԱՅԾԵՄՆԻԿ ՈՒՐԱՐՏՈՒ
Բուն անունով՝ Այծեմնիկ Տէր-Խաչատրեան, ծնած է Կարս՝ 15 Սեպտեմբեր 1899-ին, ուսուցիչի ընտանիքի մը մէջ։
Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի տարիներուն, ընտանիքը տեղափոխուեր է Ստաւրոպոլ (Հիւսիսային Կովկաս)։
1921-1925 հետեւեր է Պաքուի նորաբաց բարձրագոյն արուեստանոցի դասընթացքներուն, այդ օրերու նշանաւոր քանդակագործ Ստեփան Տմիթրի Էրզեանի գլխաւորութեամբ:
1926-ին տեղափոխուեր է Երեւան։
Ստեղծեր է բազմաթիւ կարկառուն գործիչներու քանդակներ ու դիմապատկերներ։
Մասնակցեր է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան ստեղծման աշխատանքներուն։
Ստալինեան բռնութիւններու շրջանին, Այծեմնիկ Ուրարտուի գործերը դադրեր են ցուցադրուելէ, իսկ մրցոյթներու ղրկուած գործերը անտեսուեր են։ Այս անտեսումը հաւանաբար կապուած էր անոր մտերիմ ընկերոջ՝ յայտնի պատմաբան ու քաղաքական գործիչ Աշոտ Յովհաննիսեանի բանտարկութեան եւ աքսորի շրջանին (1937-1943)։ Սակայն Այծեմնիկ Ուրարտու չէ յանձնուած եւ շարունակած է աշխատիլ՝ ստեղծելով անգնահատելի ժառանգութիւն մը։
Ամուսնացած է 1944-ին, Աշոտ Յովհաննիսեանին ազատ արձակումէն ետք։
Քսան տարի աշխատած է իր վերջին գործերէն մէկուն՝ Մովսէս Խորենացիի քանդակին վրայ, զոր աւարտած է 1961-ին եւ որ այժմ
կը զարդարէ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին սրահներէն մէկը։
1960-ական թուականներուն, Այծեմնիկ Ուրարտու դադրած է ստեղծագործելէ, որուն պատճառը Ալզայմըր հիւանդութիւնն էր։ Նոյնիսկ նամակ գրելու դժուարութիւն սկսեր է ունենալ, բայց կամքի ուժով յարատեւեր է իր գործունէութեան մէջ ու մինչեւ կեանքին վերջը ղեկավարեր է Հայաստանի նկարչական ֆոնտը եւ Նկարիչներու Միութեան քանդակներու բաժինը։
Մահացեր է Երեւան, 17 Դեկտեմբեր 1974-ին։
ՏԱՐԻԱ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ
Տարիա (Դարուհի) Կամսարական 1964 թուականին տուած հարցազրոյցի մը մէջ կ’ըսէ՝ «Դասականէն սկսայ, հասնելու ժամանակակիցին, չեմ գիտեր ո՞ւր յանգելու համար…» (Արեւ, 2 Սեպտեմբեր 1964):
Կամսարական ծնած է 1907-ին, Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս): Եղբօր դուստրն է Տիգրան Կամսարականի, որ հայ գրականութեան մէջ երկար պիտի յիշուի իր «Վարժապետին Աղջիկը» վէպով:
1924-ին գացած է Փարիզ եւ աշակերտած աշխարհահռչակ քանդակագործ Անթուան Պուրտէլի, որուն ազդեցութիւնը կը կրեն իր սկիբնական գործերը:
Առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 1925-ին, Փարիզի նշանաւոր Սալոն տ’Օթոնի մէջ, իսկ առաջին անհատական ցուցահանդէսը ունեցած է 1935-ին, Կալըրի Պոնափարթի մէջ:
Իր մասին արուեստի միջազգային մամուլը արտայայտուած է որպէս ժամանակակից քանդակագործութեան մեծարժէք ու ինքնատիպ դէմքերէն մէկը:
1937-ի Փարիզի միջազգային ցուցահանդէսին՝ Expo-1937-ի ոսկի մետալը նուաճած է: Իր գործերը կը գտնուին ինչպէս Փարիզի Արդի Արուեստներու Թանգարանին, նոյնպէս եւ Գահիրէի թանգարաններուն մէջ:
Քանդակած է Նուպար փաշայի արձանը եւ փարիզահայ մտաւորականներու դամբարանը:
Պատերազմէն ետք իր գործերը կը կրեն խորունկ ազդեցութիւնը աշխարհի ցաւին եւ կարծէք կ’աղաղակեն իրենց զայրոյթը պատերազմին դէմ, ինչպէս «Կանչը» խորագրուած քանդակը: Իր գործերը պայքար են չարիքին դէմ:
Շատ հետաքրքրական նորութիւն մըն է այն, որ Տարիա Կամսարական նաեւ հեղինակ է.
«Ինչ որ չգտայ տակաւին արուեստով, կը ջանամ փնտռել գրականութեան մէջ» ըսած է:
Ունի ֆրանսերէն «Ճամբորդութիւն Ստուերի Մը Հետ» եւ «Կրակէ Օղակ» վէպերը, զորս ստորագրեր է Անն Սուրակ: Գրած է նաեւ հայերէն վէպ մը, երբ տակաւին 15 տարեկան էր, «Արեան Ճակատագրականութիւնը» խորագրով, որ իբր թերթօն հրատարակուած է Արեւի մէջ (Եգիպտոս), 1922 թուականին:
Մահացեր է Փարիզ, 1986-ին:
ԿԻՏԷԹ ԳԱՐՊՈՆԷԼ
Այս խեցեգործ քանդակագործուհին ծնած է 1910-ին, Ֆրանսայի Մէօտոն քաղաքը: Զաւակն է արուեստագէտ գերդաստանի մը՝ թոռնուհին հանրային գործիչ տոքթ. Աւետիս Պապայեանի եւ դուստրը ֆրանսահայ նկարչուհի Արմինիա (Արմենուհի) Պապայեան-Գարպոնէլի (1876-1971), որուն երկու քոյրերը՝ Մարգրիտ եւ Շուշանիկ Պապայեանները նշանաւոր եղած են Կոմիտաս Վարդապետին հետ ունեցած իրենց ջերմ բարեկամութեամբ. անոնք ֆրանսական երաժշտութեան մէջ իրենց հետքը ձգած են որպէս երգչուհի եւ դաշնակահարուհի:
Կիտէթ իր գործերը ցուցադրեր է Ֆրանսայի, Պրազիլի, Ամերիկայի, Անգլիոյ եւ Եգիպտոսի զանազան քաղաքներուն մէջ:
Ամուսնացեր է քանդակագործ Էմմանուէլ Օրիկոստիի հետ եւ ունեցած երկու դուստրեր՝ Իզապէլ (նկարչուհի) եւ Մարիան (դերասանուհի):
Մահացեր է Փարիզ, 2008-ին:
ՆՈՒԱՐԴ ԶԱՐԵԱՆ
Ծնած է Ֆլորանսի մէջ։ Երրորդ զաւակն է մեծատաղանդ գրագէտ Կոստան Զարեանի եւ դաշնակահարուհի Թագուհի Շահնազարեանի։ Հետեւած է ընտանիքի թափառական կեանքին՝ Պոլիս, Երեւան, Փարիզ, Վենետիկ։
1931-ին Զարեան ընտանիքը հաստատուեր է Միլան, ուր Նուարդ նկարչութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է 17 տարեկանին։
1934-1935-ին ուսաներ է Միլանի «Պրերայի դպրոց»-ին մէջ, աշակերտելով քանդակագործ Ատոլֆ Վիլթին, որ իրեն խորհուրդ տուած է նկարչութիւնը փոխարինել քանդակագործութեամբ։
Ուսումը շարունակեր է Վենետիկի գեղարուեստական լիկէոնին մէջ (1935-1940) եւ այնուհետեւ շրջանաւարտ եղած է Հռոմի գեղարուեստի ակադեմիայէն։
Իբրեւ արուեստագէտ, առաջին անգամ մասնակցեր է Հռոմի քառամեայ ցուցահանդէսին, 1938-ին, ուր կրկին երեւցեր է 1942-ին, 1948-ին եւ 1952-ին։ Առաջին անգամ առանձին ցուցահանդէս ունեցեր է 1945-ին, Հռոմի մէջ։
Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Նուարդ Զարեան եղած է միակ հայ կինը, որ մասնակցած է իտալական դիմադրական շարժումին, մինչեւ 1943-ի վերջերը։
1944-1945-էն սկսեալ, զբաղած է միայն քանդակագործութեամբ։ Մասնագիտացած է մեծածաւալ գործերու մէջ, յատկապէս ներկայացնելով կնոջական տարբեր նիւթեր եւ զգացողութիւններ։
1951-ին, Նուարդ Զարեան բացած է «La Cassapanca» պատկերասրահը Հռոմի մէջ ու զայն գլխաւորած յաջորդ 30 տարիներուն։
Հոն ունեցած է հինգ անհատական ցուցահանդէսներ՝ 1950-1970-ական թուականներուն։
Ցուցահանդէսներ տուած է Հռոմի, Մոտենայի, Երեւանի (1964 եւ 1970), Միլանի, Գոփենհակընի, Վիեննայի, Օսլոյի եւ այլ քաղաքներու մէջ։
1951-ին, Իրանի կառավարութեան պատուէրով, Ռեզա շահի (1925-1941) դիմանկարը ստեղծած է անոր դամբարանին համար։
1961-ին Հայաստան այցելած է հօր՝ Կոստան Զարեանի հետ։ 1965-ին սկսած է քանդակագործութիւն դասաւանդել Հռոմի գեղարուեստական լիկէոնին մէջ։
1980-ականներու վերջերուն փոխադրուած է Սանթա Մարինելլա համայնքը՝ Հռոմէն 37 մղոն հեռու, ամուսնոյն՝ իտալացի քանդակագործ եւ լրագրող Մարիո Չիմարայի (1913-1992) հետ։
Ամուսնոյն մահէն ետք, շարունակած է իր գեղարուեստական աշխատանքը եւ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպումը։
ՄԱՐԻ ԿԷՐԷՔՄԷԶԵԱՆ
Ծնած է 1913-ին, Թալլաս, Թուրքիա:
Դժբախտ ճակատագրով իր կեանքը աւարտած այս դեռատի քանդակագործուհին ատենին աղմուկ հաներ է Պոլսոյ արուեստի շրջանակներուն մէջ, իր տաղանդով:
Աւարտած է Պոլսոյ Համալսարանին փիլիսոփայութեան կաճառը, որմէ ետք՝ 1943-ին, հպատակելով անդիմադրելի մղումի մը, յաճախած է Պոլսոյ գեղարուեստի դպրոցը՝ Ecole des Beaux-Arts:
Ուսումնառութեան երկրորդ տարին իսկ նուաճած է «Անքարայի Ցուցահանդէս»-ին (Exposition d’Ankara) առաջին մրցանակը եւ ոսկի մետալը:
Մեծ եռանդով իրար ետեւէ ստեղծած է բազմաթիւ քանդակներ, դիմաքանդակներ, մերկերու արձաններ եւ այլ գործեր: Իր հոգին մի՛շտ լեցուն եղած է նոր ծրագիրներով եւ սքանչելի երազներով:
Սակայն այդ բոլորը ետին կը ձգէ, երբ վարակուելով ուղեղատապէ (Meningite), կը մահանայ հազիւ 34 տարին բոլորած:
Մարուշ Երամեան