Սուրիոյ արտակարգ իրավիճակներու և աղէտներու կառավարման նախարար Ռաէտ աս-Սալեհ յայտարարեց, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան և հրշէջ խումբերը կրցած են վերահսկել հրդեհները եւ կանխել անոնց տարածումը Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական վայրերու բոլոր ճակատներուն վրայ: Ալ-Սալեհ այսօր (X) հարթակին վրայ գրեց. «Քաղաքացիական պաշտպանութեան հրշէջ խումբերու, հրշէջ ջոկատներու, ինչպէս նաև թրքական եւ արաբական աջակից խումբերու կողմէ Լաթաքիոյ անտառային հրդեհները մարելու համար ի գործ դրուած մեծ և շարունակական ջանքերէն ետք, Շաբաթ երեկոյեան աշխատանքը հասաւ խոստմնալից փուլի, քանի որ խումբերը կրցան կանխել հրդեհներու տարածումը բոլոր ճակատներուն վրայ, ինչ որ հրդեհներու վերահսկման գծով ամենակարևոր քայլը եղաւ»:

Աս-Սալեհ աւելցուց. «Տեսարանը սկսաւ փոխուիլ, ծուխը՝ ցրուիլ, իսկ խումբերը լրջօրէն կը հետեւին հրկիզուող մնացեալ տարածքները մարելու և մարածը սառեցնելու աշխատանքին: Ըստ ներկայ տուեալներու, իրավիճակը վերահսկողութեան տակ է, անցում կը կատարուի հրկիզուած տարածքներու սառեցման գործողութիւններուն»:

Աս-Սալեհ շարունակեց. «Աշխատանքային գրասենեակի գնահատման համաձայն, այսօրուան (Շաբաթ օրուան) իրավիճակը լաւագոյնն է վերջին տասը օրուան ընթացքին: Քամիի շարժումին հետեւանքով տակաւին սպառնալիքներ կան, բայց մենք կ՚աշխատինք կանխել հրդեհին ընդլայնումը: Մենք այս փուլին չէինք հասնիր առանց Աստուծոյ օգնութեան, ապա նաեւ միասնական ջանքերուն, բարձր մակարդակի համակարգումին, ժողովրդական ծաւալուն աջակցութեան և Թուրքիոյ, Յորդանանի, Լիբանանի, Իրաքի և Քաթարի հրշէջ խումբերու օգնութեան»:

Տասերորդ օրն ըլլալով անընդմէջ Սուրիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան խումբերը, հրշէջները և անոնց օժանդակ խումբերը կը շարունակեն իրենց անխոնջ ջանքերը՝ կանխելու կանաչ անտառային տարածքներու հետագայ կորուստը և զսպելու հրդեհները, նախքան անոնց տարածումը Ֆրընլըքի և Քեսապի անտառներուն մէջ, որոնք վերջին երկու օրերու ընթացքին անխնայ կը հրկիզուէին: Խումբերը յաջողեցան ստեղծել հրդեհային արդիւնաւէտ գիծեր, որոնք կանխեցին կրակին ներթափանցումը այս զգայուն տարածքներ՝ հակառակ անոնց առջև ծառացած դժուար պայմաններուն, մասնաւորապէս՝ ուժեղ քամիներուն,- որոնք կը նպաստէին հրդեհի յանկարծակի տարածման,- ինչպէս նաև ականներու եւ ռազմական մնացորդներու առկայութեան, որոնք կը յառաջացնէին կրկնակի պայթումներ և սպառնալիք էին այնտեղ աշխատող անձնակազմին համար։