Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա աշխատանքային այցելութեամբ 12 Յուլիսին մեկնեցաւ Ատրպէյճան ու մայրաքաղաք Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Նախագահին կ՛ընկերակցէր պաշտօնական պատուիրակութիւն մը։
Այցելութեան շրջագիծէն ներս, Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ ատրպէյճանական պետական քարիւղային ընկերութիւնը փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրեցին։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ յուշագիրը ստորագրեցին Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարար, պետական քարիւղային ընկերութեան՝ SOCAR-ի վերահսկիչ խորհուրդի նախագահ Միքայիլ Ջապարովը եւ Սուրիոյ կենսուժի նախարար Մուհամմետ ալ-Պաշիրը։
Փաստաթուղթի մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուած։
Յուլիսի սկիզբը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած էր Սուրիոյ բնական կազի մատակարարման աջակցելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը։