Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաայի ներկայութեամբ Սուրիոյ ծովային եւ ցամաքային անցքերու եւ «DP World» Տուպայի Նաւահանգիստներու Համաշխարհային Ընկերութեան միջեւ 800 միլիոն ամ․ տոլարի արժողութեամբ ռազմավարական համաձայնագիր ստորագրուեցաւ:

Համաձայնագրին նպատակն է Թարթուսի նաւահանգիստը զարգացնել եւ միջազգային չափանիշներու համապատասխան դարձնել, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստի վարչական կազմը վերապատրաստել:

Համաձայնագիրը պատրաստուեցաւ որպէս լրացուցիչ քայլ երկու կողմերուն միջեւ նախապէս ստորագրուած փոխըմբռնումի յուշագիրին։