«Գանձասար»-ի Քեսապի թղթակիցը յայտնեց, որ վերին եւ վարի Պաղճաղասի մէջ երէկ կէս գիշերին փոքր ծաւալներով հրդեհներ բռնկած են։ Կրակը ձորի մէջ բռնկած է, ուստի մարելը դժուար եղած է։ Քեսապցի հայ ընտանիքի մը պարտէզը մասնակի վնաս կրած է։ Հրդեհը մեծաւ մասամբ շիջանուած է, սակայն տակաւին թեթեւ կրակ մը կը բոցավառի։

Անոր համաձայն, գիւղացիներ առտու կանուխ ժամը 4:00-ին կրակի ճարճատիւնէն արթնցած են, նոյն շրջանին մէջ այլ կողմ մըն ալ հրդեհ բռնկած է, սակայն ճամբուն մօտ ըլլալուն բերումով գիւղացիները կրցած են շուտով մարել զայն։

«Գանձասար»-ի թղթակիցը մտավախութիւն յայտնելով ըսաւ, որ եթէ ներկայ փոքրածաւալ կրակին առաջքը չառնուի, կրնայ տարածուիլ ու հասնիլ Էքիզոլուքի գիւղացիներու սեփական պարտէզներ: Թէեւ կրակը փոքրածաւալ է, սակայն անհրաժեշտ է անոր տարածումը կանխել, վնասներու տարողութիւնը սահմանափակելու համար։