Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով պատասխանելով ռուսական ՈՒՌԱ կայքի այն հարցումին, թէ Քրեմլին ինչպէ՛ս արձագանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Ապու Տապիի մէջ հանդիպումին, ըսած է. «Ռուսիա կ՛ողջունէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման նպատակով հաղորդակցութիւնները»:
«Մենք կ՛ողջունենք նման ուղղակի երկխօսութիւնը, բազմիցս տարբեր մակարդակներու վրայ ըսած ենք, որ պիտի ողջունենք խաղաղութեան համաձայնագիրի կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրութիւնը: Ինքնին նման համաձայնագիրի ստորագրութիւնը պիտի դառնայ շատ կարեւոր գործօն, որ կանխատեսելիութիւն, կայունութիւն եւ խաղաղութիւն պիտի հաղորդէ շրջանին: Մենք լիովին կ՛աջակցինք այս հոլովոյթին», ըսած է Փեսքով: