Միացեալ Նահանգներ «Հայաթ Թահրիր աշ-Շամ» միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հանած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկէն: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ պետքարտուղար Մարկո Ռուպիոն։

«Գլխաւոր դատախազի եւ տնտեսութեան նախարարին հետ խորհրդակցութիւններէն յետոյ, չեղեալ կը յայտարարեմ «Ալ-Նուսրա ճակատ»-ը, որ յայտնի է նաեւ որպէս «Հայաթ Թահրիր ալ-Շամ» անուամբ, ճանաչումը որպէս օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն», ըսուած է պետքարտուղարի յայտարարութեան մէջ։