Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի 42-րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Որբաթ, 4 եւ Շաբաթ, 5 Յուլիս 2025-ին, ԱՄԺ Տան «Լ.Շանթ» սրահէն ներս։ Ժողովը ընթացք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի “Տէրունական” աղօթքով, ապա ժողովականները յոտնկայս երգեցին ՀՕՄ-ի եւ ՍՕԽ-ի քայլերգները։ Ժողովին ներկայ գտնուեցան՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Սիրան Ամպարճեան, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան անդամներ, Պատկան Մարմինի, Ազգ. Վարչութեան եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ,
նստավայրի եւ շրջաններու ընտրուած պատգամաւորներ եւ լիազօրներ, Շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ ունկնդիր դրոյթով մասնակից ընկերուհիներ։

Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք յայտնեց. «Անցնող երկու տարիներուն, ՍՕ Խաչի յանձնախումբերը, անդամները եւ աջակիցները իրենց մեծ ներդրումը ունեցան մեր ծրագիրներու յաջողութեան մէջ։ Այսօրուան ժողովը նոր առիթ է այս բոլոր ջանքերը արժեւորելու եւ յառաջիկայ ծրագիրներու ուղեցոյց մշակելու, հիմք ունենալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսը»։ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչը նախ գնահատեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի եւ Շրջ. Վարչութեան բեղուն աշխատանքը, հակառակ երկրի ապահովական եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն. անդրադառնալով շրջանին համար հաստատուած ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն, շեշտեց, որ 115-ամեայ ՀՕՄ-ը հայ ժողովուրդին համար այն է, ինչն են հոգատար մայրն ու քոյրը ընտանիքին համար։ Ապա ընթերցեց ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ողջոյնի խօսքը եւ յաջող ընթացք մաղթեց ժողովին։

Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Զեփիւռ Րէիսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Անցնող երկամեակը բարդ ժամանակահատուած էր եւ լի բազմազան մարտահրաւէրներով ու պարտաւորութիւններով, սակայն միաժամանակ հարուստ մարդասիրական ու ազգանուէր յամառ աշխատանքի օրինակներով»։ Ապա աւելցնելով շեշտեց, որ ներկայ պայմանները մեզի կը թելադրեն մշակել ժամանակին համահունչ ծառայողական ծրագիրներ։

Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ու պատգամը ուղղեց ներկաներուն, բարձրօրէն գնահատելով ՍՕ Խաչի անդամներու նուիրումը, խնդրելով Աստուծմէ, որ կրկնապատկուի ՍՕ Խաչի անդամներու իմաստութիւնն ու եռանդը, որ բոցավառի անոնց ծառայութեան ոգին եւ աւելի բեղմնաւոր դառնայ աշխատանքը։

Դիւանի ընտրութենէն ետք, Ժողովը իր օրակարգային կէտերով ընթացաւ։

Ընթերցուեցան ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան տեղեկագիրը, ապա Շրջանային Վարչութեան երկամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագրերը։ Տեղի ունեցան լուսաբանական հարցումներ եւ ըստ էութեան քննարկում, ապա ներկայացուեցան յառաջիկայ շրջանի համար առաջարկներ, որոնք բանաձեւուեցան եւ որպէս աշխատանքային ուղեցոյց հաստատուեցան։

ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ . վարչութիւններու ներկայացուցիչները ընթերցեցին միութիւններուն այս առիթով յղած խօսքերը։

Այնուհետեւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Սեմէրճեան ընթերցեց
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի խօսքը՝ ուղղուած ՍՕ Խաչի Պատգամաւորական ժողովին եւ խաչուհիներուն։

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան անդամներու ընտրութիւն։

ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան նորընտիր կազմը կը կրէ հետեւեալ պատկերը.

1-Ընկհ.Զեփիւռ Գէորգեան՝ ատենապետ
2-Ընկհ.Մարինա Գեւոյեան՝ ատենադպիր
3-Ընկհ.Պայծիկ Չէրչեան՝ հաշուապահ
4-Ընկհ. Էօժենի Տիգրանեան՝ Գանձապահ
5-Ընկհ Սեդա Կէրկէրեան
6-Ընկհ. Մարալ Մանուէլեան
7-Ընկհ.Սոնա Տարագճեան
8-Ընկհ. Մարի Մելքոնեան (Ճեզիրէ)
9-Ընկհ. Սօսի Աթիքեան (Քեսապ)
10-Ընկհ. Մարինա Արզումանեան. (Լաթաքիա)
11-Ընկհ. Մարալ Մելքոնեան
(Դամասկոս)

Ժողովին ընտրուեցան նաեւ Հաշուեքննիչ յանձնախումբ, Շրջ. Վարչութեան եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի փոխանդամներ։

Դիւան
ՍՕ Խաչի 42-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովի