Ուրբաթ, 4 Յուլիսին Երեւանի Մաշտոցի պողոտայի «Սիզընսի» այգիին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք՝ ի պաշտպանութիւն գործարար եւ մեծ բարերար, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի եւ «ՀԷՑ»–ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանի։
Արամ Մանուկեանի արձանի մօտէն սկսած երթին միացան «Սիզընսի» այգիին մէջ հաւաքուած քաղաքացիները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կարճ հանրահաւաք, ուր ցուցադրուեցաւ ֆիլմ Սամուէլ Կարապետեանի կեանքին ու գործին մասին:
Հաւաքին ներկայ էին հոգեւորականներ, անոնց մէջ էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեևանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոսը։
«Այսօր համախմբուած ենք այստեղ՝ ի պաշտպանութիւն ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի, որ վերջերս յայտնուեցաւ անազատութեան մէջ՝ քննադատելով իշխող ուժին», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան։
Ան ընդգծեց, որ վերջին շրջանին հայ եկեղեցւոյ դէմ իրականացուած է հակաքարոզչութիւն եւ հալածանք։ Սամուէլ Կարապետեանի շուրջ տեղի ունեցածը կապուած է եկեղեցւոյ դէմ տարուող արշաւով:
Ելոյթ ունեցան «Տաշիր» ընկերութիւններու խեւմբի փոխնախագահ, «ՀԷՑ» ՓԲԸ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Նարեկ Կարապետեան փաստաբան Արամ Վարդեւանեան, ՀՀ ԱԺ Հայաստան դաշինքի պատգամաւորներ Աղուան Վարդանեան, Աննա Գրիգորեան եւ ուրիշներ:
Ապա հաւաքի բազմահազար մասնակիցները Մաշտոցի պողոտայէն երթով ուղղուեցան դէպի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան շէնք, որուն մեկուսարանին մէջ պահուած են Սամուէլ Կարապետեան, Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան եւ Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեան։ Երթի առջեւէն կ’եևթային Կարապետեաններու ընտանիքի անդամներն ու հոգեւորականները։ Մանակիցները կը վանկարկէին «Ազատութիւն», «Պայքար», «Պայքար մեր ձեւով» կարգախօսները:
ԱԱԾ–ի դիմաց ոստիկանական մեծ ուժեր բերուած էին։
ԱԱԾ-ի մօտ հնչեց Տէրունական աղօթքը, ապա խոստում, որ արդարութիւնը պիտի վերականգնուի՝ «մեր ձեւով»:
Սամուէլ Կարապետեան ԱԱԾ մեկուսարանէն ուղերձ յղած է, որ ընթերցեց փաստաբան Արամ Վարդեւանեան։ Ուղերձին մէջ աասուած է, որ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը ընելիք չունին Հայաստանի մէջ ու պէտք է կապ չունենան հայ ժողովուրդի ապագայի հետ:
«Հետագայ մեր քայլերու մասին հանդէս կու գանք յայտարարութիւններով: Սա մեծ ճանապարհի սկիզբն է», լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ ըսաւ Նարեկ Կարապետեան: