Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Տեղի ունեցած է։ Քննարկուած են Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմ, շրջանային եւ միջազգային օրակարգին վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն:

Հայաստանի վարչապետը Ֆրանսայի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած է յարաբերութիւններու զարգացման մէջ իր անձնական ներդրումին համար:

Զրուցակիցները համաձայնած են աշխուժացնել երկկողմանի գործակցութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահը աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներու օրակարգին եւ Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած խաղաղութեան ռազմավարութեան:

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ իր երկրին համերաշխութիւնը յայտնած է` ի պատասխան Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնելու փորձերուն: