ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւններուն, ըսաւ.
«Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնը, ցաւօք, կը խրախուսէ Հայաստանո մէջ ձեւաւորուող ամբողջատիրական համակարգը:
Յարգելի՛ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն,
Ձեր «աջակցութիւնը» Նիկոլ Փաշինեանին փաստօրէն կը նպաստէ ոչ թէ ժողովրդավարութեան, այլ բռնապետութեան կայացման Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ նոր բռնապետի մը ի յայտ գալուն:
Վերջին տարիներուն, երբ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ Դուք խրախուսած էք Հայաստանի իշխանութիւնները, այսպէս կոչուած, «խիզախ քայլերու» համար, ատիկա մեր ազգը աղէտո հասցուցած է:
Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումը եւ հայաթափումը այս իրականութեան ողբերգական վկայութիւնն է:
Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ այսպիսի յայտարարութիւնները, ընդհանրապէս, կը դիտուին որպէս ուղղակի միջամտութիւն երկիրներու ներքին գործերուն:
Հայաստանի քաղաքական ուժերը կը պայքարին իրենց ինքնութեան, ժողովուրդի իրաւունքներու, նաեւ իրական ժողովրդավարութեան համար:
Կարիք չկայ հարուածելու հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը ու ժողովրդավարութեան անուան տակ օրինականացնելու բռնապետութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ»: