Ռուսիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւ հրաւիրուած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն՝ Պաքուի «անբարեացակամ գործողութիւններուն» եւ «ռուս լրագրողներու անօրինական կալանքին» համար բացատրութիւն տալու: Այս մասին հաղորդած է ռուսական դիւանագիտական գերատեսչութիւնը։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիա հետաքրքրուած է Ատրպէյճանի հետ լաւ յարաբերութիւններ զարգացնելով, սակայն կ’ափսոսայ Պաքուի կողմէ առնուած որոշումներուն համար։
Փեսքով ըսած է նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ զրոյցը օրակարգի վրայ չէ։