Շաբաթ, 21 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, սուրիական տարբեր նահանգներուն մէջ ընթացք առին 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի Գ. կարգի՝ պրովէի պետական քննութիւնները։

Քննութեան ներկայացան աւելի քան 398,000 աշակերտ եւ աշակետուհի, բաժնուած` 2216 կեդրոնի մէջ։
Քննութիւնները կը շարունակուին մինչեւ յառաջիկայ 9 Յուլիս 2025:

Այս առիթով, Սուրիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար դոկտ. Մուհամմետ ապտուլ Ռահման Թարքօ այցելեց քննութեան կարգ մը կեդրոններ։ Ան ստուգեց քննութեան ընթացքը եւ ունկնդրեց աշակերտներու կարծիքը քննութեան հարցարաններուն շուրջ, յայտնելով, որ նախարարութիւնը նախանձախնդիր է աշակետներուն համար բարենպաստ մթնոլորտ ապահովելու։