Ամէն անգամ որ կը խօսուի կամ կը գրուի Նուպար փաշա Նուպարեանի եւ Եգիպտոսի քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ անոր հսկայ ներդրումին մասին, անպայման կը յիշուի նաեւ իր առաջադրութիւնը խառն դատարաններ ստեղծելու:
Վստահ չեմ, թէ այլ երկիրներու մէջ նման դատարաններ եղած են: Թերեւս եղած են ա՛յն երկիրներուն մէջ, ուր տեղացիներուն վրայ գերակայութիւն ունեցող փոքրամասնութիւն մը ապրեր է, ինչպէս էին անգլիացիներն ու ֆրանսացիները, Եգիպտոսի բնիկ ժողովուրդին նկատմամբ:
Նուպար փաշա հաւանաբար առաջին անգամ ի՛նք գրեր է անոնց մասին իր ֆրանսերէն յուշերու գիրքին մէջ եւ արձանագրեր անոր ունեցած ադեցութիւնը իր վրայ, որմէ սկսեր է իր ճիգը, բարեկարգելու կացութիւնը եգիպտացի բնիկ ժողովուրդին, որուն համար ինք դարձեր էր «ֆէլլահին հայրը»:
Նուպար փաշա  կը գրէ՝ «Եւրոպայի յարաբերութիւնները արեւելեան իշխաններուն հետ, միջին դարուն, հիմնուած էին այն համաձայնութիւններուն վրայ, զորս «քափիթիւլասիոն» կը կոչէին: Այս քափիթիւլասիոնները համաձայնագրեր կամ դաշնագրեր չէին, այլ պարզապէս գործառնութիւններ կատարելու թոյլտուութիւններ, զորս անոնց շնորհած էին մահմետական իշխանները, եւ որոնք վերջ կը գտնէին անոնց կեանքին հետ: Առաջին այդ թոյլտուութիւնը – եթէ չեմ սխալիր – շնորհուած էր Ափրիկէի Ափերը կառավարող իշխաններուն կողմէ, Ամալֆիի բնակիչներուն: Վենետիկցիները, Ճենովացիները եւ Իտալիոյ առեւտրական միւս հանրապետութիւնները, զանոնք ստացան իրենց կարգին»:
Նման առաջին համաձայնութիւն մը կնքուեր է Մեծն Սուլէյմանի եւ Ֆրանսայի Ֆրանսուա Ա. Թագաւորին միջեւ. այդ գիրը կը նշէր  օտարականներուն արտօնութիւնը երկրին մէջ միայն ու միայն առեւտուրով զբաղելու. անոնց արտօնուած չէր մասնակից ըլլալ երկրի կեանքին:
Մեծագոյն հարցը այն էր, որ երկրին իշխանութիւնները իրաւունք չունէին միջամտելու բնիկներուն եւ օտարականներուն միջեւ ծագած հարցերուն, որոնք ձգուած էին օտարական հիւպատոսին: Բնականաբար հիւպատոսը, որքան ալ անարդար ըլլար իր հպատակը, պիտի ջանար անոր կողքին կենալ. ասիկա կը նշանակէր, թէ շատ յաճախ երկրին բնակիչն էր տուժողը, կորսնցնելով իր իրաւունքները: Հոսկէ՝ Նուպար փաշայի ընդվզումը, ի տես բացայայտ անարդարութեան: Բարեբախտաբար փաշային երկար ճիգերը ի վերջոյ պսակուեր են յաջողութեամբ:
Երկրորդ անգամ կը հանդիպիմ այս նիւթին, Իսթանպուլի «Ժամանակ» թերթին 14 Ապրիլ 1936-ի թիւին մէջ, (էջ 2), ուր կ’ըսուի.
««Ճիւմհիւրիյէթ»-ի աշխատակից Պ. Տողան Նատի, որ Մօնթրէոյ մեկնած էր Եգիպտոսի քափիթիւլասիոնները ջնջելու եւ այնտեղ գումարուող Խորհրդաժողովի նիստերուն հետեւելու համար, վերոյիշեալ խորագիրներուն տակ հետեւեալ շատ շահեկան յօդուածը ղրկած է մեզի, զոր կը հրատարակենք նոյնութեամբ»:
Բայց նախ՝ ի՞նչ կը նշանակէ «քափիթիւլասիոն» capitulation = անձնատուութիւն, իրաւախոհութիւն. 1910-ի Գուիտոն Լուսինեանի բառարանին մէջ որպէս գլխադրութիւն, դաշինք անձնատրութեան կը բացատրուի, իսկ Եղիա Տեմիրճիպաշեանի բառարանին մէջ՝ անձնատրութեան դաշինք, հաշտութիւն կը բացատրուի այս բառը: Բոլոր բառարաններուն մէջ ալ  բառը կը ներկայանայ որպէս դաշինք կամ հաշտութիւն, բայց կարծես անձնատրութիւնը պայման է… the action of ceasing to resist an opponent or demand. Capitulation = surrender.
Ճի՛շդ այս կէտին վրայ է, որ Նուպար փաշա, կարծես ընդվզած տիրող անարդարութենէն, որ արդարութեան դիմակով ծպտուած կը ներկայանար Եգիպտոսի բնիկ ժողովուրդին, իր ամբողջ կարելին ըրած է օտար, տիրող տարրին մաս կազմող «դատաւոր»-ներուն կողքին ընդգրկել նաեւ տեղացի դատաւորներ:
Հետաքրքրական է նշել, որ այդ տեղացի դատաւորներուն մէջ եղած է նաեւ հայ մը՝  (հաւանաբար եղած են մէկէ աւելի հայեր) ԱԶԱՏԵԱՆ ՀԱՅԿ (19-րդ դար – 1 Ապրիլ 1937, Գահիրէ, Եգիպտոս), որ իր ուսումը օտար շրջանակներու մէջ առած էր եւ տէր էր իրաւագիտական եւ լեզուագիտական բացառիկ կարողութիւններու։
Կը շարունակենք «Ժամանակ»-ի ընթերցումը.
«Քափիթիւլասիոնները Քանունի Սուլթան Սիւլէյման ստորագրած է 1530-ին եւ անոր ջնջուիլը առաջին անգամ Օսմանեան կառավարութիւնը ուզած է 1856-ին, Փարիզի համաժողովին մէջ: Հոն թէեւ Թուրքիոյ այս առաջարկը նկատի առնուեցաւ, բայց անոր քննութիւնը յառաջիկային յետաձգուեցաւ, ինչ որ համազօր էր մերժումի: Քափիթիւլասիոններու այս պատուհասին համար ինչ պատուաբեր կերպով ջնջուիլը գիտենք. գալով Եգիպտոսի, մեր բարեկամ այս երկիրը այս կողմէն մեզմէ աւելի դժբախտ եղած է»:
«Եգիպտոսի մէջ քափիթիւլասիոնները բարեկարգելու շարժումը  վարչապետ Նուպար փաշա սկսած է 1867-ին, Խտիվ Իսմայիլ Փաշայի տուած իր մէկ տեղեկագրով: Քափիթիւլասիոններուն բարեկարգուելուն համար հայրենասիրաբար լրջօրէն աշխատող Եգիպտոսի այս առաջին պետական մարդը  իր տեղեկագրին մէջ կ’առաջարկէր՝ «Օտարականներուն համար խառն դատարաններ կազմել, դատաւորները կէս առ կէս եգիպտացիներէն նշանակել,  դատարանին նախագահները եգիպտացի դատաւորներէն ընտրել, գործադրուելիք օրէնքները միջազգային յանձնաժողովի մը ձեռքով գրի առնել, այդ յաձնաժողովը անմիջապէս կազմել եւ այլն եւ այլն»:
«Այս տեղեկագիրը, որ նշանաւոր է  քափիթիւլասիոններու տարեգրութեանց մէջ, հակառակ Անգլիոյ ունեցած մասնակի համամտութեան, Ֆրանսայի, Յունաստանի եւ ընդհանուր առմամբ միւս տէրութեանց ընդդիմութեան բախեցաւ: Բայց Նուպար փաշա չէր կրնար հանդուրժել, որ իր արդար մէկ առաջարկը ցվերջ աննկատ մնայ: Ուստի Սուեզի ջրանցքին համար աշխատած պահուն քափիթիւլասիոններուն բարեկարգումի խնդիրն ալ մէջտեղ դրաւ եւ Ֆրանսա, որ նոյն պահուն Նեղոսի հովիտին մէջ կարեւոր դիրք մը բռնած էր, նախաձեռնարկ եղաւ Եգիպտոսի առաջարկին, քննութիւնը յանձնաժողովի մը յանձնելու գործին մէջ. բայց այս յանձնաժողովը շուտով ցրուեցաւ, առանց երկու կողմերուն համար գոհացուցիչ արդիւնք ունենալու»:
«Նուպար փաշա որ գործին ձգձգուելուն հակառակ բնաւ իր յոյսը չէր կտրեր, Սուեզի ջրանցքին բացուելուն առթիւ յաջողեցաւ քափիթիւլասիոններուն հարցը քննելու համար միջազգային յանձնաժողով մը կազմել Գահիրէի մէջ»:
«Այս յանձնաժողովը մասնաւորաբար ճանչցաւ եգիպտացիներուն իրաւունքը եւ որոշեց փոխել քափիթիւլասիոններուն պայմանները»:
«Տրուած որոշման համաձայն, Եգիպտոս գտնուող բոլոր օտարականները միեւնոյն օրէնքներուն պէտք է հպատակէին եւ խառն դատարաններուն դատաւորները  վճռաբեկ խառն դատարանի մը կ’ենթարկուէին: Բայց այս որոշումները չգործադրուեցան դարձեալ Ֆրանսայի հակառակութեան հետեւանքով եւ 1870-1871 ֆրանգ եւ գերման պատերազմին բոլորովին բարձիթողի եղաւ քափիթիւլասիոններուն հարցը. բայց կրկին Նուպար փաշայի ջանքերուն շնորհիւ 1873 Յունուարին համաժողով մը գումարուեցաւ Իսթամպուլի մէջ, սակայն ոչ մէկ արդիւնք ունեցաւ այդ համաժողովը եւ լուծուեցաւ առանց որեւէ արդիւնքի»:
«1873-էն քիչ ետքը՝ Փետրուար 24-ին Նուպար փաշա Եգիպտոսի խառն դատարաններուն վերակազմութեան ծրագիր մը ներկայացուց: Այդ ծրագիրը, Ֆրանսայէն զատ միւս բոլոր տէրութիւնները ընդունեցին եւ այսպէս նոր երեւոյթ մը առաւ քափիթիւլասիոններու խնդիրը: Ֆրանսա, որ գործը ձգձգելու կողմ էր, մէկ տարի վերջ՝ 1874-ին… Բայց խտիվ Իսմայիլ փաշա, որ բոլոր միւս բոլոր տէրութիւններէն օժանդակութիւն կը գտնէր, նկատի առաւ Ֆրանսայի առարկութիւնները եւ 1875-ին Իսկէնտէրունի մէջ յայտարարեց խառն դատարաններու կազմութիւնը: Ֆրանսա փափուկ կացութեան մը մատնուեցաւ եւ չորս ամիս վերջ անիկա ալ համակերպեցաւ: Այսպէս 1876-ին քափիթիւլասիոնները փոփոխութիւն մը կրեցին, համաձայն Եգիպտոսի այն ատենուան պէտքերուն»:
«Այդ թուականէն ասդին, բացի երկրորդական մէկ-երկու կէտերէ, որեւէ փոփոխութիւն չէին կրած քափիթիւլասիոնները»:
«Այժմ խառն դատարաններ կան, մէկ հատը վճռաբեկ է եւ կը գտնուի Իսկէնտէրուն, միւս երեք խառն դատարաններէն մէկը կը գտնուի Գահիրէ, միւսը՝ Իսկէնտէրիէ եւ երրորդը Մանսուրա: Այդ դատարաններուն մէջ երկու օտարազգի դատաւորներուն դէմ մէկ եգիպտացի դատաւոր կայ: Այս դատաւորները կը նշանակուին եգիպտական կառավարութեան կողմէ: Օտար հիւպատոսարանները լոկ անձնական գործով կը զբաղին, այդ խառն դատարաններուն կազմուելէն ետքը»:
«Եգիպտոսի քափիթիւլասիոններէն 12 տէրութիւն միայն կ’օգտուին՝ Պելճիա, Տանըմարք, Ֆրանսա, Անգլիա, Յունաստան, Իտալիա, Հոլանտա, Նորվեկիա, Սպանիա, Շուէտ, Ամերիկա եւ Փորթուկալ: Պատերազմին մէջ պարտուող ազգերը զրկուած են քափիթիւլասիոններէն օգտուելու իրաւունքէն»:
«Անգլիա-եգիպտական դաշնագրութիւնը անցեալ տարի (1935) Օգոստոսին Լոնտոնի մէջ ստորագրուած ատեն Անգլիա յայտարարեց, թէ կը հրաժարի քափիթիւլասիոններով ունեցած իր իրաւունքներէն: Մեծ շահ մըն է ասիկա Եգիպտոսի համար, բայց Ֆրանսայի ընթացքը մտածել կու տայ: Մօնթրէոյի ֆրանսական պատուիրակութեան նախագահը՝ մէսէօ Թէսան, որ խորհրդականն է վարչապետին, ֆրանսացի լրագրողներուն ըսած է՝ «Ուշադրութեամբ պիտի պաշտպանեմ Եգիպտոսի մէջ գտնուող իմ հայրենակիցներուս իրաւունքները, մասնաւորաբար առեւտրական իրաւունքները»: Այս յայտարարութիւնը ենթադրել կու տայ, թէ բուռն վիճաբանութեանց թատր պիտի ըլլան Մօնթրէոյ փալասի սալոնները»:
Քափիթիւլասիոնները Եգիպտոսի մէջ վերջ գտած են 1949-ին:
Մարուշ Երամեան