Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի գլխաւորութեամբ, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան Լիբանանի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստերուն, որոնք ընթացք առին Երեքշաբթի, 10 Յունիս 2025-ին։ Նիստերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ԱՄՆ-էն ժամանած Բերիոյ Հայոց Թեմի ներկայացուցիչ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեանը։
Հետագային, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային պատուիրակութեան միացան նաեւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ, Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ մեթր Նորա Գրաճեան։
Շաբաթ առաւօտուն, Թեմի ազգային պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։
Հանդիպումին արծարծուեցան Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը եւ սուրիահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւններն ու ցուցմունքները փոխանցելով, իր զօրակցութիւնը յայտնեց սուրիահայութեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին։