13 Յունիսի գիշերը Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը զանգուածային հարուածներ հասցուցած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան՝ թիրախաւորելով միջուկային ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու տուեալները, զինուորական հրամանատարութեան, գիտնականներու, քաղաքացիական շինութիւններ եւ ենթակառուցուածքներ։
Իրանի դէմ Իսրայէլի յարձակումն ու զինուորական ծաւալուն գործողութիւնները, կը հակասեն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային իրաւունքին եւ հարուածի տակ կը դնեն խաղաղ ազգաբնակչութեան կեանքի իրաւունքը։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծաւալուող զինուորական գործողութիւններու եւ աշխարհաքաղաքական շարունակական ցնցումներու շրջագիծէն ներս Իսրայէլի գործողութիւնները խիստ մտահոգիչ են, յղի անկանխատեսելի զարգացումներով։
Իրավիճակի հետագայ ծաւալումը անխուսափելի բացասական հետեւանքներ պիտի ձգէ, յատկապէս՝ խաթարելով տարածաշրջանի խիստ փխրուն կայունութիւնը, անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Խիստ մտահոգուած ստեղծուած իրավիճակով, ՀՅԴ Բիւրոն կը դատապարտէ Իրանի եւ Իրանի ժողովուրդին դէմ Իսրայէլի գործողութիւնները եւ անընդունելի կը համարէ միջպետական հարցերը զինուորական ճանապարհով լուծելու քաղաքականութիւնը։
Կը ցաւակցինք զոհուածներու հարազատներուն եւ համոզում կը յայտնենք որ լայնածաւալ պատերազմէն խուսափելու լաւագոյն ճանապարհը բանակցային գործընթացն է։

ՀՅԴ Բիւրո
14․06․2025