Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանին, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի միաւորի վարչութեան, Ուրբաթ, 6 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ երաժշտանոցի 2024-2025 տարեշրջանի վկայականաց բաշխման հանդէսը, ներկայութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետին, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներուն, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ ընկ. Ռաֆֆի Սիւլահեանի, Շրջ. Վարչութեան երաժշտանոցի ներկայացուցիչին, հալէպահայ միութիւններու եւ երաժշտանոցներու ներկայացուցիչներու, համազգայնականներու եւ շրջանաւարտներու ծնողներուն։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միաւորի վարչութեան ատենապետ ընկհ. Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեան, որ հաստատեց, թէ այսօրուան հանդէսին ի յայտ կու գայ շրջանաւարտներուն ուսումնական եօթ տարիներու աշխատանքին արդիւնքը։ Ան նշեց, թէ երաժշտանոցին նպատակն է՝ նոր սերունդի զաւակները հաղորդակից դարձնել հայկական եւ օտար դասական երաժշտութեան եւ անոնց մէջ երաժշտական ճաշակ ձեւաւորել։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հովանաւորութեան եւ քաջալերանքին համար, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, ուսուցչական կազմին, Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Խնամակալութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան երաժշտանոցի գործունէութեան։
Օրուան հանդիսավարն էր՝ վարչութեան անդամ Մարիա Պօզոյեան։

Յաջորդաբար հանդէս եկան ութ շրջանաւարտներ եւ երեք յետաւարտական ուսանողներ՝ երաժշտական ստեղծագործութիւններու ընտրանի մը ներկայացնելով՝
– Ալիք Պաղտոյեան, Մեղրի Սուսանի, Մինաս Քէօշկէրեան (դաշնամուր)
– Սիրուն Աւետիքեան, Սագօ Պալապանեան (ջութակ)
– Սագօ Քէչէճեան (կիթառ)
– Յակոբ Քիւրքճեան, Աննա Պոյաճեան (երգեհոն)

Յետաւարտական կարգի հաստատագիր ստացան՝
– Սելին Ուրիշիկեան (դաշնամուր-Ա. կարգ)
– Սերենա Պէրպէրեան (ջութակ-Ա. կարգ)
– Բալիկ Հայրապետեան (ջութակ-Բ. կարգ)։
Ջութակահարներուն դաշնամուրով ընկերակցեցան՝ ուսուցչուհիներ Անի Պօղիկեան եւ Սելին Ուրիշիկեան։

Հանդէսին գեղեցկօրէն հնչեց նաեւ Էտկար Յովհաննէսեանի «Երեւան Էրեբունի» երգը, կատարողութեամբ՝ Բալիկ Հայրապետեանի, Սերենա Պէրպէրեանի (ջութակ), Զոհրապ Միրաքեանի (թաւ ջութակ), դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Սելին Ուրիշիկեանի։

Նուագներու վերջին յայտագիրով Անի Պօղիկեան եւ Սելին Ուրիշիկեան կատարեցին դաշնամուրային զուգանուագ՝ աւստրիացի երաժիշտ Ֆրանս Վոն Սուբբէի գեղեցիկ ստեղծագործութիւններէն մէկը ներկայացնելով։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ վկայականաց բաշխում կատարուեցաւ, ներկայութեամբ՝ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարինա Պօղիկեանի եւ միաւորի վարչութեան ատենապետ Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեանի։
Վարչութեան կողմէ շրջանաւարտներուն նուիրուեցան երաժշտական գիրք եւ խտասալիկ։

Աւարտին, Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, նշելով, որ շրջանաւարտները իրենց նուագով, մեկնաբանութեամբ եւ ներկայացումով մեզ յոյս ներշնչեցին։
Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց շրջանաւարտները, ուսուցչական կազմը, միաւորի վարչութիւնը եւ Շրջանային Վարչութիւնը, որոնք որեւէ ճիգ չեն խնայեր երաժշտական կրթութիւն ջամբելու նոր սերունդի զաւակներուն, հակառակ տիրող դժուարութիւններուն եւ անբարենպաստ պայմաններուն։ Ան յայտնեց, թէ վկայական ստանալը նախաճաշակն է յառաջիկայ յաջողութիւններուն, հետեւաբար, շրջանաւարտներուն պատուիրեց, որ վկայական առնելով չբաւարարուին, այլ ամէնօրեայ դրութեամբ նուագելով իրենց երաժշտական աստուածատուր կարողութիւնները առաւել եւս կատարելագործեն եւ նոր գագաթներ նուաճելով՝ մեծ բեմերու վրայ ելոյթ ունենան։

Հանդէսը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում։