Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Կիրակի, 1 Յունիսին իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Քուէյթ, ուր մայրաքաղաքի «Պայան» պալատին մէջ դիմաւորուեցաւ իշխան շէյխ Միշաալ ալ-Ահմատ ալ-Ճապեր ալ-Սուպահի կողմէ։

Նախագահը իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ Քուէյթ կ՚այցելէ իշխան շէյխ Միշաալի հրաւէրով։