Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 13 Մայիսին Պեռլինի մէջ հանդիպած է Միացեալ Թագաւորութեան զինեալ ուժերու նախարար Լիւք Փոլարտի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառի մէջ Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:

Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնած են համագործակցութեան նոր թափ հաղորդել՝ երկու երկիրներու մէջ պաշտպանութեան հարցերու կցորդներ նշանակելով: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցերու։