ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ռիատի մէջ պաշտօնապէս յայտարարեց Սուրիոյ դէմ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցներու չեղարկումը։

Թրամփ ըսաւ, որ սոյն որոշումը գոյացաւ Սէուտական Արաբիոյ գահակալին եւ Թուրքիոյ նախագահին հետ քննարկումներէ ետք։ Ան աւելցնելով ըսաւ. «Վարչակազմս առաջին քայլը առաւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար։ Մօտ օրէն, Թուրքիոյ մէջ մեր արտաքին գործոց նախարարը իր սուրիացի պաշտօնակիցին հետ հանդիպում պիտի ունենայ այս առումով»։