Հալէպահայ կեանքին մէջ լուսաւոր ներկայութիւն մը վերջ գտաւ։ Կ’ըսեն մահը իր ճամբով, բոլորս ալ պիտի երթանք այդ ճամբով, սակայն ոմանց ներկայութիւնը չի մոռցուիր, երկար կը մնայ ազգային ու միութենական կեանքի յիշողութեան մէջ։
Այդպիսին է ընկեր Հրանդ Միշոյեանը՝ զուսպ խառնուածքով, խոհեմ, փափկանկատ, ներողամիտ, բարիք սփռող, ընկերասէր եւ տիպար միութենական մը։
Ան  իր  յարգարժան անհատականութեան շնորհիւ սիրուած ու յարգուած էր բոլորին կողմէ։ Ընտանիքին մէջ երեք զաւակներու գուրգուրոտ հայր ու դաստիարակ, ազգային, կուսակցական թէ ՀՄԸՄ-ական կեանքին մէջ կազմակերպ աշխատանքի ու խոհեմ ծառայութեան ճշմարիտ օրինակ մը։ Ընկեր Հրանդը եղած է Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանի հոգաբարձու անդամ, Արամ Մանուկեան Ազգային շէնքի առաջին խնամակալներէն, որոնց ջանքերով հիմը դրուեցաւ այդ շէնքին, որ մինչեւ այսօր կը հանդիսանայ կարեւոր օճախ մը հալէպահայ գաղութին համար։ Եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամ, ապա՝ Տնտեսական Խորհուրդի անդամ։ Եւ համայնքի բարգաւաճման նպաստող այս բոլոր ծառայութիւններուն մէջ ամէնէն յատկանշականը եղաւ այն, որ ան մնաց  լուռ աշխատող, խորքային, ազնիւ, առանց որեւէ փառասիրական ձգտումներու։
Ընկե՛ր Հրանդ, դուք շահեցաք շատերուն յարգանքն ու համակրանքը շնորհիւ ձեր մարդկային բազում յատկանիշներուն։ Յարգա՛նք ձեր վաստակին։
Դուք 60 տարի շարունակ կառչած մնացիք ձեր գաղափարին ու սկզբունքներուն։
Յաւերժական լոյսերու մէջ ննջէք, թանկագի՛ն եղբայր։

ՀՄԸՄ-ական մը