Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Կիրակի, 29 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան Հասիչէի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հանդիսութիւն, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեանի, Պատկան Մարմինի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային ժողովի անդամներու, ՀՄԸՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչներու, ազգային եւ միութենական մարմիններու անդամներու, Հասիչէի եւ Գամիշլիէն ժամանած ժողովուրդին։
Բեմավարներ`Աննա Քոջոյեան եւ Ռուպա Քոջոյեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն, ապա հնչեց Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հասիչէի թաղականութեան անդամ դեղգրծ. Թորգոմ Սարգիսեան, որ ամփոփ պատկերով եւ լայն գիծերու մէջ
ներկայացուց ցեղասպանութեան պատմականը եւ շարունակական պայքարը մինչեւ արդար հատուցում։
Օրուան բանախօսն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային ժողովի անդամ բժշկ. Անդրանիկ Սարգիսեան որ ըսաւ. «110 տարիներ անցած են Հայոց Ցեղասպանութենէն, սակայն մեր մտքին մէջ կը մնայ հայոց գողգոթան եւ չի մոռցուիր։ Համայն հայութիւնը այսօր ոգեկոչելով 110-րդ տարելիցը ազգային բարձր գիտակցութեամբ իր կոչը կուղղէ միջազգային եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան ըսելով, որ ոճիրը երբ անպատիժ մնայ, առիթ կ՚ընծայէ ցեղասպանութեան կրկնումին։
Արցախահայութեան դէմ գործադրուած ոճիրը շարունակական ցեղասպանութիւն է եւ կը պահանջէ համախմբուիլ եւ զգօն ըլլալ ի խնդիր արդար պահանջատիրութեան»:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը ընդգրկեց Քրիստ Մելքոնի արաբերէն ասմունքը եւ Գրիգոր Տէր Նիկողոսեանի ասմունքը՝ Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն» բանաստեղծութեան։
Հասիչէի «Գարուն» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ փունջ մը ազգային երգերով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յակոբ Գոչոյեանի։ Ազգային երգերով ելոյթ ունեցան Կարօ Քուշաքչեան եւ Ատուր Ադամեան, որոնց ընկերակցեցան ՀՄԸՄ-ի Հասիչէի սկաուտները։
Սուրիոյ Հայ Դայի ենթայանձնախումբի արաբերէն խօսքը ուղղեց Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեան, որ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին ըսելով. «Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, որպէս մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ գործադրուած ոճիր, ճանչցուած է տասնեակ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ։ Մինչդեռ Թուրքիան կը շարունակէ Ցեղասպանութեան մերժման փաստը։
2023-ին ականատես եղանք արցախահայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան, տեղահանումին եւ հողերու գրաւման։
Այսօր 110-րդ տարելիցը ոգեկոչելով մէկտեղ կը հաստատենք մեր աննահանջ երթը յանուն ազգային ինքնութեան պահպանման, յանուն արցախահայութեան լիարժէք իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Նոր սերունդը պէտք է լաւապէս զինուի գիտակցութեամբ, ազգային շունչով, որպէսզի պայքարի դրօշը միշտ բարձր պահուի։
Փակման արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ ՍՕԽ-ի «Լոռի» մասնաճիւղի ատենապետ Մակի Փանոս, որ հաստատեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւնները առիթներ են հաւաքաբար յարգանք մատուցելու սրբադասուած նահատակներուն եւ վերանորոգելու անմահ ուխտը։
Իր հայրական խօսքը ուղղեց արժանապատիւ քահանայ հայրը, որ նախ փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի օրհնութիւնները Ճեզիրէի հայութեան եւ յայտնեց, որ հայը ուր ալ գտնուի, պիտի մնայ հաւատարիմ իր արեան կանչին։
Այնուհետեւ «Պահպանիչ» աղօթքով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։
Նշենք որ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբն ու սկաուտութիւնը տողանցելով Հասիչէի թաղամասերը իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն