Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի Երեքշաբթի, 29 Ապրիլին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղար Անթոնիո Կուտերէշի հետ։
Ընդհ. քարտուղարը հաւաստիացուց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները չեղեալ համարելու համար։
26 Ապրիլին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Աշ-Շայպանի մասնակցելով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընդգծած էր, որ Սուրիոյ նկատմամբ կիրառուած պատժամիջոցներու չեղեալ համարումը միջազգային խաղաղութեան, բարգաւաճման և տնտեսութեան ուժեղ գործընկերոջ կրնայ վերածել Սուրիան։ Ան աւելցնելով ըսած էր, որ Անվտանգութեան խորհուրդի և միջազգային հանրութեան համար կարելիութիւն ստեղծուած է զօրակցելու սուրիացի ժողովուրդին, որ պատրաստ է վերափոխելու իր երկրի ապագան։ Սուրիան բազմիցս յայտարարած է, որ սպառնալիք չի ներկայացներ տարածաշրջանի կամ աշխարհի որևէ երկրի համար։