Բժշկհ. Մարի Մելքոն
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Պատկան Մարմինի, ազգային եւ միութենական մարմիններու, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ հոծ բազմութեան, Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան Ազգային Միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ միութիւններու ներկայացուցիչներէ յառաջացած կեդրոնական յանձնախումբին։
Սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը սրբադասուած նահատակներուն, ապա հնչեց Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Բացման հայերէն խօսքով հանդէս եկաւ Գամիշլիի թաղականութեան ատենապետ երկրչփ. Վարդան Մուրատեան որ ըսաւ. «110 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ ծրագրուած ու համակարգուած կերպով մէկուկէս միլիոն հայորդիներ զոհ գացին, նոյն ոճիրը կրկնուեցաւ Արցախի մէջ։ Այսօր երբ կը յիշենք ցեղասպանութիւնը միեւնոյն ժամանակ պայքարի կոչ կը բարձրացնենք ի խնդիր արդար հատուցման»։
Արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ Տերիքի ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Ատիպա Սուսան, որ անդրադարձաւ միջազգային ատեաններու լռութեան ի տես գործադրուած հայոց Ցեղասպանութեան, նշելով որ անոր անպատիժ մնալը առիթ տուաւ որ ոճիրները շարունակուին։
Բեմավարները` ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղէն, յայտագիրը ներկայացուցին։
Նախ հանդէս եկաւ Համազգայինի Վանայ պարախումբը, երաժշտական կտորներ հրամցուցին համազգայինի երաժշտական դպրոցի ուսուցիչներ Յարութ Մատարճեան(ջութակ) եւ Քրիստ Միքայէլեան(կիթառ):
Այնուհետեւ ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի ատենապետ Սագօ Սիմոնեան մեկնաբանեց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած երգեր։
Սիամանթոյի «Դարերու վրէժը» տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Զաւէն Զաքարեան։
Օրուան բանախօս, հալէպէն ժամանած բժշկ. Գէորգ Եղիայեան ըսաւ. «Պատմութիւնը պէտք չէ կրկնուի: Ժողովուրդ մը չի կրնար անտեսուիլ, անոր ձայնը վաղ թէ ուշ արդարութեան հաստատման կը նպաստէ։ Ինչու կը շարունակենք խօսիլ 1915-ի մասին, որովհետեւ խաղաղութիւն չի կրնար գոյանալ մերժումի հիման վրայ։ Արդարութիւնը երբ մերժուած է, ոճիրը միշտ կրկնուելու ենթահող ունի։
Տեսանք 2020-ին եւ 2024-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցածը, 1915-ի մտայնութեան շարունակութիւնն էր։
Ցեղասպանութիւն կ՚ըսենք որովհետեւ Արցախի մէջ իրականացան 3 մեծ ոճիրներ.
֊ Զանգուածային սպանութիւն եւ ցեղային մաքրագործում
֊ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում։
Մենք կը պահանջենք Հայոց Ցեղասպանութեան լիարժէք ճանաչումը։
Կը պահանջենք՝ Արցախի բնակչութեան անվտանգ վերադարձը։
Կը պահանջենք արդար հատուցում։
Սա մեր ձայնն է, սա մեր պայքարն է եւ մեր երդումը»։
Այնուհետեւ Հասիչէի «Գարուն» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ ազգային եգերով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յակոբ Գոչոյեանի։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքը ուղղելով ըսաւ. «”Շշուկ չկար, շնչող չկար, շրթունքները փակ էին…”. այս խօսքերը Սիամանթոյի «Խեղդամահ» բանաստեղծութենէն առնուած են, որով կը պատմէ անզգայ եւ վայրագ ցեղասպանին պատճառած վախն ու ոճիրին ահաւորութիւնը։
Սիամանթո կը շարունակէ նկարագրել մութ փոսի մը մէջ քով-քովի սեղմուած քառասուն հոգիի սարսափը, անոնք անշշուկ եւ անձայն իրենց փրկութիւնը կ՚որոնէին, սակայն ահա նորածին մանուկի ձայն մը բարձրացաւ, որ մահուան ահազանգ էր եւ իրենց թաքստոցը կը մատնէր։ Սիամանթո կը շարունակէ պատկերացնել խեղճ մոր վիճակը ըսելով. “Աստուած մեզի թող գթայ, ստինքներս պարապ են
Ալ կաթիլ մը կաթ չունիմ,
Մինչեւ արիւնս ծծել տուի
Ալ կաթիլ մը կաթ չունիմ
Ինչ որ կուզէք վճռեցէք….
-պէտք է խեղդել… ձայնը ըասաւ….. –
Սիրելիներ մանուկի մահը մեր ապրիլն է այսօր, մանուկի մը կոծը մեր գարունն է այսօր, իսկ մօր խելագարուիլը մեր վիզին պարտքն է այսօր։ Ինչ-ինչ ցաւեր եւ ոճիրներ, իսկ ահա մեր ներկայութիւնը պատասխանն է այսօր։ Այս պատճառով, սիրելիներ,եթէ հայ ենք, մեր անտարբերութեամբ չմեռցնենք մեր դատը։ Հազարաւոր մայրեր լացին այս պահուն համար, որպէսզի իրենց զաւակները, այսինքն՝ մենք, չլանք։ Զգօն ըլլանք, բարձրացնենք մեր ձայնը մեր ներկայութեամբ, մեր գոյութեամբ, մեր պահանջատիրութեամբ եւ ընդ միշտ յիշենք Աւետիս Ահարոնեանի անմահ խօսքը “Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ կարդայ հայուն նախատինք»:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։