Հովանաւորութեամբ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ արհիապատիւ Տէր Գէորգ Եպս.Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ Աւետիս Ահարոնեանի կեդրոնի միութիւններուն, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկներ:
Արդարեւ, 24 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ ՀՀ Դամասկոսի դեսպանին, Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած նահատակաց յուշարձանին ընդառաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հայ Կաթողիկէ միւթեան ու «Սիրոյ Ընտանիք»-ի միացեալ շեփորախումբերու մասնակցութեամբ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ:
Նախ եկեղեցւոյ, ապա անոր բակին մէջ թափօրի շրջումով` յատուկ արարողութեամբ նշուեցաւ տարեթիւիս 28 Մարտին Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ Երանելի Ս.Ինգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման ուրախ առիթը: Ս.Մալոյեան նահատակուած է 1915-ին, Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով:
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ Ամինեան սրահէն ներս: Հանդիսավար Համազգայինի անդամ Շանթ Կեցոյեան ձեռնարկը բաց յայտարարեց եւ հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբ նուագելու ՀՀ քայլերգը: Ան խնդրեց ներկաներԷն, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեն նահատակներու յիշատակը, որմէ ետք շեփրախումբը նուագեց «Կիլիկիա» երգը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս.Ե.Մ.-ի ատենապետ Միսաք Թէմիզեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւորեց պահանջատիրական մեր կեցուածքները ամրապինդ պահելը, Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ բարձր գիտակցութիւն ցուցաբերելը եւ խորքային ծրագիրներով ընթանալը: Ան ինքնավստահ շեշտով պատգամներ փոխանցեց օրուան խորհուրդին առնչուած:
Ս.Օ.Խ.-ի անդամ Հուրի Քիւլիկեան օրկի վրայ նուագեց «Տէր Ողորմեա՜» եւ «Ծիծեռնակ», միեւնոյն միութեան անդամ Մարալ Գաթագլեան մեներգեց` «Զարթիր Որդեակ» եւ Ռուզան Սեւերեկլեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Վրէժը»:
Համազգայնական երիտասարդ Սերժ Պոյաճեան ջութակի վրայ նուագեց «Տըլէ Եամանը»:
Օրուան բանախօս մեթր Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց Հայ Դատի իրաւական հիմքերը: Ան առանձնացուց Հայ Դատին առնչուած միջազգային վեց պայմանագրեր, ի մասնաւորի կեդրոնանալով Սեւրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին վրայ:
Ան նշեց պահանջատիրական դատի պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրող կամ ապատեղեկանք տարածող դէպքեր ու երոյթներ: Զուգահեռներ քաշեց քսաներորդ եւ քսանմէկերորդ դարերու իրագործուած` Արեւմտահայաստանի եւ Արցախի երկու ցեղասպանութիւններուն ու բռնի տեղահանութիւններու միջեւ: Լուսարձակ բացաւ տիրող պայմաններուն ու պահանջներուն համաձայն մեր մշակած կամ ի գործ դրած ազգային ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան վրայ եւ այս առնչութեամբ առաջադրանքներ ներկայացուց:
Աւարտին այսօրուան մեր իրավիճակի քննարկում կատարելով եզրայանգումներ կատարեց:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ արհիապատիւ Տէր Գէորգ Եպս.Ասատուրեան: Թեմակալ առաջնորդը առանձնացուց հայ ժողովուրդի ազգային իւրյատկութիւնները, անոր անկոտրում կամքն ու կորովը Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Ան կեդրոնացաւ ազգային արժէքներու տէր կանգնելու հրամայականին եւ ի մասնաւորի լեզուի պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ:
Առաջնորդ Հայրը իր ոգեւորիչ խօսքերով ու հայրական յորդորներով պատուիրեց շարունակել Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքը մինչեւ արդար աւարտին հասնիլը:
Առաջնորդը հայրը պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը:
Թղթակից