Այս առաւօտ՝ Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2025-ի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Վատիկան՝ մասնակցելու Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։