Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, Մեծն Բրիտանեա Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան եւ սուրիական գաղտնի սպասարկութեան դէմ սահմանած տնտեսական պատժամիջոցները չեղեալ համարեց։
Բրիտանիոյ Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքին միջոցաւ աւելցուց, որ սուրիական 12 մարմիններու դէմ պարտադրած պատժամիջոցները չեղեալ համարեց։
Լոնտոն շեշտեց, որ սուրիական տապալած համակարգի կարգ մը անձնաւորութիւններու դէմ սահմանուած պատժամիջոցները պիտի շարունակուին։