Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Քեսապի առաքելական Ս.Աատուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչում, կազմակերպութեամբ Քեսապի երեք համայնքներէն յառաջացած յանձնախումբին եւ ՍԵՄ-ի «Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան:

Ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ էին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Հայր Եսայի վրդ. Էօրտէքեան, պատուոյ հիւրեր, պատկան մարմնի ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն:

Ձեռնարկի սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն:

Հանդիսավարներ՝ Շողիկ Գաթապեան եւ Օսան Քիլաղպեան լոզունքներ արտասանելով հերթաբար հրաւիրեցին գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամ՝ Սօսէ Նարէ Գարայեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այսօր համախմբուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հայասպանութեան յուշն ու անոր սպին անջնջելի են հայութեան յիշողութենէն եւ հայոց պատմութենէն, իսկ հայ ժողովուրդը ամէն Ապրիլ 24-ին հաւաքաբար կը հաստատէ, թէ պահանջատէրն է իր իրաւունքներուն:

Ան ըսաւ. «Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով կարգախօս ընտրած ենք «Յոյս ներշնչող սերունդներով դէպի պայծառ ապագայ», որովհետեւ ան խօսուն վկայութիւնն է մեր ձգտումներուն: Մենք կ’երազենք հայութեան այն ապագան, որտեղ մութը պիտի փոխարինուի լոյսով, սուտը՝ ճշմարտութեամբ, նահանջ եւ պարտուողական ամէն քայլ ու ընթացք՝ նոր վերազարթնումով եւ մեր յարատեւ պայքարը պիտի պսակուի անխուսափելի յաղթանակով»:

Օրուան բանախօսն էր Սուրիոյ Հայ Դատի կեդրոնական մարմնի ատենապետ՝ Ծերուն Գահուէճեան:
Ան ներկայացուց աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակը, որ մեզ կը մղէ յիշելու, արժեւորելու եւ գործելու: Ապա անդրադարձաւ պատմական իրադարձութիւններուն, 110 տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ծրագրած ցեղասպանութեան, որում հըտեւանքով հայ ժողովուրդը դարձաւ մարդկութեան դէմ գործուած աննկարագրելի ոճիրի զոհ, իսկ այսօր ան կանգնած է յուշակոթողներուն եւ յիշատակի արարողութիւններուն առջեւ ո’չ որպէս զոհերու ժառանգորդ միայն, այլ որպէս ողջ մնացած ոգիի, սերունդէ սերունդ փոխանցուած ամրութեան ու յիշողութեան կրող:
Պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը շեշտելով ան ըսաւ, որ մենք կը պահանջենք ճանաչում՝ ոչ թէ վրէժի, այլ խաղաղութեան համար: Սակայն խաղաղութիւն՝ առանց զիջումներ կատարելու, առանց հողեր կամ միջանցքներ յանձնելու թշնամիին, ճանաչումը ճանապարհ է դէպի հաշտութիւն, ուր ճշմարտութիւնը կրնայ բուժիչ դեր ունենալ: Իւրաքանչիւր պետութիւն, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը դառնայ մարդկային արժանապատուութեան դաշնակից: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ ճանաչումը ըլլայ արդար եւ համարձակ, ըլլայ բարոյական պարտաւորութիւն եւ ո’չ թէ քաղաքականութեան առարկայ: Ան ըսաւ. «Պահանջատիրութիւնը կ’ենթադրէ լուրջ նախաձեռնութիւն եւ յստակ ծրագիր: Պէտք չէ բաւարարուինք հայրենասիրական եւ ազգապահպանման ճառերով կամ լոկ ճանաչում հայցելով գերպետութիւններէն, որոնք անկասկած իրենց պատասխանատուութեան բաժինը ունին հայոց ցեղասպանութեան մէջ»:
Գահուէճեան պարզելով ներկայ աշխարհի արմատական փոփոխութիւնները եւ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական ծրագիրները, Հայաստանի իշխանութեան հետ դրացիական բարեկամութիւնը, Արցախի յափշտակումը, նամանաւանդ Սուրիոյ մէջ իր անուղղակի ներկայութիւնը, այս վտանգալից կացութեան դիմաց, թելադրեց ըլլալ զգօն եւ վերապահ:
Ան իր պատգամը ուղղելով երիտասարդութեան ըսաւ. «Թոյլ մի՛ տաք որ մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու էութիւնը կազմող արդարութիւնը զոհը դառնայ աշխարհաքաղաքական ժամանակաւոր շահերուն: Թոյլ մի՛ տաք որ ցեղասպանը զանազան դիմակներ կրելով մոլորեցնէ հանրային կարծիքը եւ իր սպառնական ոճով փորձէ ձախողութեան մատնել հայանպաստ ոեւէ քայլ: Մեր պահանջատիրական ձայնը պիտի չդադրի ու պահանջատիրական պայքարը կանգ պիտի չառնէ՝ մինչեւ որ արդարութիւն կատարուի հայ ժողովուրդին»:
Գեղարուեստական ոգեւորիչ յայտագիրը կ’ընդգրկէր.
Ա. Բաժին՝ ՍԵՄ-ի եւ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան ներկայացմամբ. մեներգ՝ Շուշի Ղազարեան, «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ», խմբերգ՝ «Այս անծայր երկրում» եւ «Կարմիր կակաչները»:
Բ. Բաժին՝ ասմունք, Պէթի Ղազարեան, Սիամանթոյէն «Ափ մը մոխիր՝ հայրենի տուն», մեներգ՝ Միրնա Տէմիրճեան «Հայրենիքիս ջուրը», Տուտուկով նուագ՝ Նարեկ Քէշիշեան եւ Ժոզէֆ Արամեան «Տլէ եաման», ասմունք՝ Սողոմոն Սարգիսեան Գէորգ Էմինէն «Ես հայ եմ», մեներգ՝ Լուսին Քիւրքճեան «Ես քո Արցախն եմ, դու իմ Հայաստանը»:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը ուղղեց Հայր Եսայի վրդ. Էօրտէքեան: Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին, ՍԵՄ-ի վարչութեան, ձեռնարկի յանձնախումբին եւ յայտագրի մասնակիցներուն, այնուհետեւ օրուան խորհուրդը ներկայացնելէ ետք ըսաւ, որ այս տարի երկրի տիրող պայմաններուն բերումով Ապրիլ 24-ի ձեռնարկները սահմանափակուեցան միասնական մէկ ձեռնարկով, եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Մարինա Բենդէզեան