Ծաղկազարդ…Ծառզարդար…Ծառակոյտ. Հայ ժողովուրդը այսպէս կը կոչէ իր ամենասիրելի տօներէն մէկը, Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։

Արդարեւ, Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի տօնին առիթով։

Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Հայր սուրբը որպէս քարոզի բնաբան ընտրած էր «Ովսաննա» Բառը։ Ան բացատրեց Ովսաննա բառը, յայտնելով որ ան օգնութեան աղաղակի կանչ է, որ կը նշանակէ «Փրկէ մեզի»։ Քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին անբաժան մասնիկն է Տիրոջմէ օգնութիւն հայցելը, որպէսզի զինք փրկէ տարաբնոյթ դժուարութիւններէ։ Ի Մասնաւորի հաւատացեալը, որպէս ապաշխարող, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսէն փրկութիւն կը խնդրէ իր մեղաւոր հոգիին համար։ Այս է պատճառը, որ Քրիստոս գիտնալով հանդերձ թէ ինք պիտի խաչուի, յաղթական մուտք գործեց Երուսաղէմ՝ մեզի տալով փրկութեան շնորհը։

Պատարագի աւարտին, ժողովուրդը հետեւեցաւ մանուկներէ կազմուած թափօրին, գլխաւորութեան Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին, դպրաց դասուն, որոնք միասնաբար ուղղուեցան Փոխանորդարանի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Անդաստան։
Եկեղեցական բաժիններէն ետք, մանուկներուն ցնծալի ձայներու ներքեւ փուչիկները արձակուեցան: «DJ Nareg»-ին եւ «DJ Keghart»-ին պատրաստած երգերով ու անակնկալներով մանուկները հաճելի ժամանակ անցուցին:

Եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը եւ կամաւոր յանձնախումբը ձիթենիի ճիւղերով զարդարուած մոմեր բաշխեցին։
Աւարտին, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը Փոխանորդարանի շրջափակէն ներս ընդունեց ժողովորդին զաւակները, որոնք իրենց երեխաները մօտեցելով ստացան Հայր Սուրբին օրհնութիւնը եւ պատրաստած նուէրները մանուկներուն։

Եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի յարդարումը ստանձնած էր տիկին Թամար Շարոյեան-Սարգիսեան (patils baloon decoration):
Հայր Սուրբը առաջնորդարանի դահլիճէն ներս դիմաւորեց պաշտօնական հիւրեր եւ ընդունեց ժողովուրդի շնորհաւորանքը։

 

Բժշկհ. Մարի Մելքոն