ՀԲԸ Միութեան կեդրոնը Նիւ Եորքի մէջ վերջերս յայտարարած էր, թէ գրական Ararat հանդէսին ամբողջական հաւաքածոն՝ 1960-2006, թուայնացուած է եւ հասանելի է ընթերցողներուն:
Ասիկա առիթ մըն է անդրադառնալու ամերիկահայկական երկու կարեւոր հանդէսներու՝ Ararat-ի եւ RAFT-ի, որոնք իրենց մեծ ազդեցութիւնը ունեցեր են ո՛չ միայն ամերիկահայ ընթերցասէր հասարակութեան վրայ, այլ եւ Ամերիկայի գրական շրջանակներուն մէջ:
Խորքին մէջ երկու ափսոսալի հանդէսներ են ասոնք. թէեւ անգլերէն երկուքն ալ, բայց խորապէս ափսոսալի են, որովհետեւ առաջինը բաւական տարածում գտած եռամսեայ հանդէս մըն էր, որ լոյս կը տեսնէր ՀԲԸ Միութեան Նիւ Եորքի կեդրոնին հովանաւորութեամբ, եւ որուն կ’աշխատակցէին գրեթէ բոլոր անգլիագիր հայ գրագէտ-գրագիտուհիները, մանաւանդ անոնք, որոնք ԱՄՆ կը բնակէին:
Երկրորդը աւելի մասնագիտական տարեգիրք մըն էր, որուն գլխաւոր խմբագիրը Վահէ Օշականն էր. երկրորդ խմբագիրը John Greppin-ն էր. տարեգիրքը լոյս կը տեսնէր Գլիվլէնտ (Cleveland) համալսարանէն եւ կը կրէր A Journal of Armenian Poetry and Critisism խորագիրը:
Այս երկու հանդէսները իրապէ՛ս մեծ ներդրում ունեցած են հայ գրականութեան _ իսկ ARARAT-ը նաեւ հայկական աւանդութիւններուն _ ծանօթացման եւ տարածման մէջ, անգլիախօս ընթերցողներու համար, որովհետեւ անոնց մէջ նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ եղած են:
Այսօր կ’ուզենք անդրադառնալ այս երկու հանդէսներէն առաջինին, այլ առիթի մը ձգելով երկրորդին մասին գրելը:
ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի Աղաթօն գրադարանը լրիւ հաւաքածոն ունի ARARAT հանդէսին, բացի առաջին տարուան երեք թիւերէն: Վերջերս ամբողջ հաւաքածոն թուայնացուած է Նիւ Եորքի մէջ, բացի հատու ու կենտ անգտանելի համարներէ. այդ անգտանելի համարներէն երեքը ամբողջացուեցան Աղաթօն գրադարանի հաւաքածոյէն:
Ստուար հաւաքածոյ մըն է, սկսած 1960 թուականին եւ շարունակուած մինչեւ 2006 թուական. 46 տարի. 184 թիւ. բազմահարիւր հեղինակներ, բազմաթիւ արձակ եւ չափածոյ գործեր:
Հանդէսին 25-ամեակը ստուար թիւով մը լոյս տեսած է:
Հանդէսին առընթեր լոյս տեսեր է ARARAT: A Decade of Armenian-American Writing հաւաքածոն:
Իւրաքանչիւր համար ընդհանրապէս նուիրուած է հռչակաւոր անձի մը՝ գրագէտ թէ արուեստագէտ, կամ երեւոյթի մը. մեր մեծագոյն գրագէտներէն երկուքը՝ Յակոբ Օշական եւ Կոստան Զարեան ունեցած են իրենց նուիրուած թիւեր, ինչպէս եւ նշանաւոր նկարիչներ Արշիլ Կորքին եւ Մարտիրոս Սարեանը, թիւ մըն ալ նուիրուած է Անդրանիկ Զօրավարին։
Արարատին աշխատակցեր են նաեւ ոչ-հայ գրագէտներ եւ բանաստեղծեր:
Արարատը նոյնիսկ ամերիկեան թերթերու կրպակներուն մէջ կը ծախուէր եւ ունէր ոչ-հայ բաժանորդներու փաղանք մը:
Անդրանիկ Անդրէասեանի (1920-2009) գաղափարով է, որ ծնունդ առեր է Արարատ եռամսեայ հանդէսը. Անդրէասեան եղեր է անոր առաջին խմբագիրը, ութ տարի շարունակաբար՝ 1960-1968:
Անդրէասեան գրող, խմբագիր, հրատարակիչ, թարգմանիչ, եղած է նաեւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանի գործադիր տնօրէն: Ծնած է Հազարի Չմշկածագ (Արեւմտահայաստան) եւ մահացեր է Նիւ Եորք:
Հաստատեր է նոյնանուն՝ Արարատ հրատարակչատունը:
1989 թուականին, դարձեալ իր նախաձեռնութեամբ, հաստատուեր է Անահիտ մրցանակը՝ հինգ հազար տոլարի պարգեւ մը, զոր ստացեր են 19 գրագէտներ:
Առաջին տարուան առաջին թիւը (Vol. I, Number 1) յառաջաբան մը ունի՝ «Վերջ մը եւ Սկիզբ մը» խորագրով, ուր կ’ըսուի.
«Խորագրին Վերջ բառը կ’ուղղուի ամիսներէ ի վեր շարունակուող նախապատրաստական աշխատանքներուն, որոնք վերջ կը գտնեն առաջին թիւին հրատարակութեամբ, «Սկիզբ»-ը կը նշէ նոր եւ հետաքրքրական նախաձեռնութեան մը սկիզբը:
«Այս հրատարակութեան ընդհանուր նպատակն է ստեղծել մեր գրականութեան եւ արուեստին հետաքրքրական մէկ պատկերը եւ ներկայացնել զայն ինչպէս հայ անգլիախօս սերունդին, այնպէս ալ ոչ հայերուն համար»:
«Հայ գրագէտներու ստեղծագործութեան եւ մեր անցեալի արժէքներուն նուիրուած Արարատ հանդէսը կրնայ արդիւնաւէտ միջոց մը ըլլալ մեր մշակութային արժէքներուն զարգացման համար»։
«Մեր նպատակն է լաւագոյն նիւթեր հաւաքել եւ զանոնք լաւագոյն ձեւով հանրութեան ներկայացնել»:
«Այս հանդէսը երկակի ինքնութիւն ունեցող ժամանակակից հայերու թերթը պիտի դառնայ: Անշուշտ մեր մշակութային աւանդութիւնները պիտի չանտեսուին, հապա օգտագործուին ոչ թէ որպէս փառաբանուած կցորդ, այլ՝ որպէս ներոյժ, զանոնք օգտագործողներուն համար»:
«ԱՐԱՐԱՏ-ի ամենակարեւոր նպատակներէն է մեր գրողներուն համար արտայայտչական արժէքաւոր միջոց մը ապահովելը: Մենք պատճառ չենք տեսներ, թէ ինչու այս նպատակը չի կրնար ընդլայնիլ եւ ներառնել մեր նկարիչներուն աշխատանքը, շապիկներու ձեւաւորումներու, ինչպէս նաեւ պատմուածքներու եւ յօդուածներու նկարազարդումներուն համար, որոնք անպայմանօրէն ԱՐԱՐԱՏ-ը կը դարձնեն ստեղծագործական մեր համայնքի տաղանդներուն իսկական ներկայացուցիչը: Մենք կը փափաքինք խրախուսել նման մասնակցութիւն: Բոլոր այն արուեստագէտները, որոնք հետաքրքրուած են իրենց գործերը ԱՐԱՐԱՏ-ի էջերուն տեսնելու, կը խնդրենք որ մեզի ուղարկեն իրենց գործերէն նմոյշներ, որպէսզի անոնք ուղեցոյց դառնան հետագայ յանձնարարութիւններու համար:
Ճորճ Սեմերճեան
Գեղարուեստական տնօրէն»
Իսկապէս ալ Արարատի ոչ միայն կողքը, այլ եւ ներքին էջերը զարդարուած են նոր, տարբեր արուեստագէտներու կողմէ յատկապէս Արարատին համար իրագործուած արուեստի նմոյշներով:
Արարատի վերջին թիւերուն երբ աչք մը նետենք, պիտի տեսնենք թէ հոն գրութիւններ ունին ժամանակակից անգլիատառ գրողները, ինչպէս Շահէ Մանկրեան, Նէնսի Գրիգորեան, Լորի Պետիկեան եւ ուրիշներ:
Այս անուններուն երեւիլը այնտեղ կը հաստատէ, թէ Արարատ հանդէսը կրցեր է հեզասահ կերպով իրագործել սերնդափոխութիւնը, երբ երէց գրողներուն կը յաջորդեն նոր անուններ:
Ճիշդ է, որ հանդէսին անգլիատառ ըլլալը որոշ տխրութիւն կը պատճառէ, սակայն երբ ամբողջ հայաշխարհ մը կը գտնենք այնտեղ պահուած, մեր տխրութիւնը կը մեղմանայ:
Այս բոլոր դրական կէտերով մէկտեղ, հանդէսը դադրեր է 2006 թուականին: Ինչո՞ւ: Յստակ չէ մեզի համար, թէեւ այդ շրջանին էր որ թափ առաւ «Դէպի Երկիր» կարգախօսը, եւ այն օրերու ՀԲԸ Միութեան նախագահուհի Լուիզ Սիմոն յայտարարեց՝ «Մեր ամբողջ ներոյժը պիտի ուղղենք դէպի Հայաստան»:
Ա՞յս էր պատճառը հանդէսին դադարումին: Հաւանաբար. թերեւս որոշ չափով արդարանալի նաեւ, բայց երբե՛ք
հասկնալի… Միութիւնը ունէ՛ր եւ բարեբախտաբար կը շարունակէ ունենալ կարողութիւնը թէ՛ Հայաստան ուղղելու իր ուշադրութիւնը, թէ՛ շարունակելու Արարատի նման կարեւոր հանդէս մը: Ինչո՞ւ ուրեմն դադրեցնել զայն:
Կը շարունակենք թերթատել Արարատի էջերը, հիանալ հրատարակուած նիւթերով եւ արուեստով, եւ անշո՛ւշտ ափսոսալ նման հանդէսի մը դադարումը:
Կա՞յ միջոց այդ ափսոսանքը ուրախութեան վերածելու:
Մարուշ Երամեան