Հինգշաբթի, 27 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Խաղաղական եւ Հանգստեան զոյգ ժամերգութիւններ, որոնց կը նախագահէր Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Հայր սուրբին կ՚ընկերակցէին Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան եւ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան ներկայացուցիչ Յարութ Աբրահամեան։

Այս հոգեպարար արարողութեանց մասնակից դարձան Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, որոնք Շնորհալի Հայրապետին «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը ընթերցեցին։
Օրուան խորհուրդը յաևտնեց Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, բնաբան առնելով՝ «Հաւատով Խոստովանիմք»-ի ութերրորդ տունը՝ «Քննող գաղտնեաց, մեղայ քեզ կամաւ եւ ակամայ…»։
Ան բարձր գնահատեց Կիրակնօրեայի աշակերտները իրենց լաւապէս պատրաստուած ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց Կիրակնօրեայի ուսուցիչները։

Ժամերգութիւնը իր աւարտին հասաւ «Փառք Քեզի, Տէր Աստուած մեր» փառաբանական մաղթանքով։

Աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, հայր սուրբը ժողովուրդին հետ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ, իսկ Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը կոկիկ Հիւրասիրութիւն մը հրամցուց։