Ուրբաթ, 28 Մարտ 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնին առիթով նախատօնակի արարողութիւն կատարուեցաւ, մասնակցութեամբ՝ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, բոլոր Քահանայ Հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Նախատօնակի հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, հաւատացեալները աղօթքներով եւ շարականներով հոգեպէս պատրաստուեցան դիմաւորելու Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ համանուն Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։ Ան լուսարձակի տակ առաւ քառասուն մանուկներուն հաստատուն հաւատքը, դիտել տալով, որ քառասուն զինուորները աշխարհի փառքն ու պատիւը եւ բարեկեցութեան համար իրենց տրուած խոստումները անտեսելով, իրենց կեանքերը զոհաբերեցին այն մեծ փառքին եւ պատիւին համար, որ Քրիստոսն էր, եւ 121-րդ Սաղմոսի արտայայտութիւնը ըսելով ակնարկեցին Աստուծմէ իրենց եկած օգնութեան. «Աչքերս դէպի լեռները կը բարձրացնեմ, ուրկէ օգնութիւն պիտի գայ ինծի։ Օգնութիւնս Տիրոջմէն է որ պիտի գայ, որ Արարիչն է երկնքին ու երկրին»։
Սրբազան Հայրը, նախատօնակի շարականներուն եւ աղօթքներուն ընդմէջէն հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց անձերը ինքնաքննութեան ենթարկելու, տեսնելու համար, թէ քառասուն մանուկներուն հաւատքին դիմաց ո՞ւր կը գտնուին։ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ եկեղեցական տօներուն հոգեպէս պատրաստուած եկեղեցի յաճախենք եւ հաղորդ դառնանք Քրիստոսի։ Ան քառասուն մանուկներուն բարեխօսութիւնը հայցելով, աղօթեց, որ Տէրը լուսաւորէ մեր հոգիի աչքերը, որպէսզի ճշմարտութիւնը տեսնենք եւ բանայ մեր շրթները, որպէսզի Աստուծոյ օրհներգենք։
Այնուհետեւ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց խորանին առջեւ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ քառասուն կանթեղներու լուսաւորումը, առ ի պատրաստութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ համանուն Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին:
Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, նորոգ հանգուցեալ լուսահոգի Տ. Համազասպ Ա. Քհնյ. Շաքարեանի տան կարգը կառարուեցաւ, հոգեւորականաց դասուն եւ վախճանեալ քահանայ հօր ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ, եկեղեցւոյ մատրան մէջ։