Կիրակի, 23 Մարտ 2025-ին, Հալէպի Միջազգային Օդակայան ժամանեց յորդանանեան առաջին օդանաւը, որ տեղափոխեց Ամմանէն ժամանած պաշտօնական պատուիրակութիւն մը:
Սոյն թռիչքը Սուրիոյ եւ Յորդանանի միջեւ գործակցութեան ամրապնդման գծով դրական քայլ մըն է, որ կը հաստատէ նաեւ օդակայանի քաղաքային թռիչքներու աշխուժացումը:
Նախօրօք, յորդանանեան օդային թռիչքներու հաստատութիւնը յայտնեց, որ փորձնական թռիչքով յորդանանեան օդանաւ մը վայրէջք կատարեց Հալէպի Միջազգային Օդակայան, որպէս նախապատրաստական քայլ 14 տարուան կասեցումէն ետք ետք Ամման-Հալէպ թռիչքներու վերաշխուժացման.