Կիրակի, 23 Մարտ 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ քաղաքական հարցերու վարչութեան տնօրէն Սաատ Նաասանին։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան անդամներ եւ Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչը։

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց պարոն Սաատին՝ պատասխանատու պաշտօն ստանձնելուն եւ իսլամական «Ռամատան» օրհնեալ ամսուան առիթներով։
Հանդիպումին արծարծուեցան ներկայիս տիրող իրավիճակին եւ ապահովական հարցերու առնչուող նիւթեր։ Համագործակցութեան ոգիով անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ աշխատանքներուն։