Կիրակի, 23 Մարտ 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Հալէպի նահանգապետ երկրչփ. Ազզամ ալ-Ղարիպին, նահանգապետարանէն ներս։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչը։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նահանգապետը՝ պատասխանատու պաշտօն ստանձնելուն եւ իսլամական «Ռամատան» օրհնեալ ամսուան առիթներով։
Հանդիպումին արծարծուեցան ներկայիս տիրող իրավիճակին եւ ապահովական հարցերու առնչուող նիւթեր նաեւ յառաջիկայ օրերու աշխատանքները՝ միշտ իրարու հետ համագործակցելու ոգիով։