Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (The World Council of Churches) հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ պահանջելով անյապաղօրէն ազատ արձակել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները: Յայտարարութիւնը ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանի շրջանակին հնչեցուցած է ԵՀԽ Էքումենիք աստուածաբանական կրթութեան ծրագիրի ղեկավար, փրոֆ. դոկտոր Անի Ղազարեան Տրիսին:

«Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ հայ բանտարկեալներու շարունակական ապօրինի կալանքը: Մարդոց պատանդ վերցնելն ու պահելը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն՝ Ժընեւի համաձայնութեան լրջագոյն խախտում է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Անոր համաձայն, 2020 Նոյեմբերէն մինչեւ 2023 Հոկտեմբեր, Ատրպէյճան անօրինական կերպով գերեվարած է առնուազն 23 հայ՝ քաղաքացիական անձեր, նախկին եւ ներկայ պաշտօնեաներ, զինուորականներ։

«Անոնցմէ շատերը, ինչպէս փաստագրած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւնները, ենթարկուած են խոշտանգումներու եւ նուաստացնող վերաբերմունքի: Մենք կը վերահաստատենք ապօրինի կալանաւորուած բոլոր անձերու անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու պահանջը: Անձերու երկարատեւ կալանքը, որ կ’ուղեկցուի իրաւական պաշտպանութեան խախտումներով, կը խաթարէ տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան եւ հաշտեցման ջանքերուն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութիւնը կոչ կ’ուղղէ Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին ձեռնարկելու բոլոր կարելի միջոցները՝ ապահովելու հայ պատանդներու ազատ արձակումը եւ կը յորդորէ բոլոր կողմերը՝ կատարելու իրենց իրաւական պարտաւորութիւնները միջազգային իրաւունքի շրջանակին։

«Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Հայ Եկեղեցիին եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ այս իրավիճակէն տուժած բոլոր մարդոց եւ կը վերահաստատէ արդարութեան ու խաղաղութեան ուղղուած յանձնառութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։