Երեքշաբթի,18 Մարտ 2025-ի երեկոյեան Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան նուիրուած երեկոյթը, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, թաղականութեան եւ ազգային ու միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան։
Հանդիսավար Սօսէ Սարգիսեան- Ադամեան հանդիսութիւնը բաց յայտարարելով նախ շնորհաւորեց բոլորը ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակին առիթով, ապա շնորհաւորեց բոլոր մայրերը՝ անոնց մաղթելով առողջ եւ կենսունակ կեանք։
Հայերէն խօսք արտասանեց ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ Թամար Շահինեան-Յովհաննէսեան, որ հակիրճ զեկոյցով ներկայացուց ՍՕԽ-ի պատմականը եւ ի մասնաւորի «Արցախ» մասնաճիւղի առաքելութիւնը, անդրադառնալով վերջին ծրագրին «խոհանոց եւ կարի» աշխատանոցին, որ տարիներու մշակման եւ աշխատանքի արդիւնքն է։ Ապա ընկերուհին վեր առաւ հայ մայրերու դերը, շեշտեց ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը, երբ ձուլման վտանգը կը շրջապատէ բոլորս։
Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհաւորեց մայրերը եւ յաջողութիւն մաղթեց «Արցախ» մասնաճիւղի յառաջիկայ աշխատանքներուն։
Բացման արաբերէն խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Անի Սարգիսեան, որ ըսաւ. «Ծաղկաբոյր գարնան Մարտ ամիսը յատկանշուած է մայրերու նուիրուած տօնով: Աշխարհի ամենակարեւոր էակը մայրն է եւ մօր սիրոյ ուժը իր զաւակներուն հանդէպ այնքան զօրաւոր է, որուն չի հաւասարիր ոչ մէկ սէր։
Մայրը հոմանիշն է զոհողութեան, համբերութեան եւ անձնուրաց նուիրումին»:
Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց մօր նուիրուած արաբերէն եւ հայերէն երգեր, հիասքանչ կատարումով Մարիամիկ Կարապետեանի, ապա մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններու համադրում մը, տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ Արեգ Պետրոսեանի։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց մայրերու եւ ուսուցչաց զոյգ տօները, նկատել տալով, որ մայրն ու ուսուցիչը իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ սուրբ աշխատանք կը կատարեն ու մոմի նման կը հալին շրջապատը լուսաւորելու։ Ապա անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի 115 տարիներու նուիրական առաքելութեան, յատկապէս ՍՕԽ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի աշխատանքներուն, որոնք Գամիշլիի եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հիմնադրութեան տարիներէն սկսեալ անխոնջ եւ անկոտրում ճիգով ու նուիրումով կը շարունակուին՝ ներդրում բերելով գաղութին։
ՍՕ Խաչը ազգային արժէքներու պահպանման ի խնդիր միշտ պատնէշի վրայ կանգնած իր բոլոր ուժերով գործի եւ աշխատանքի դաշտը իջած է՝ լաւագոյնը տալով ժողովուրդին։
Ան մօր հոգատարութեամբ գաղութին սէր եւ գուրգուրանք ցուցաբերած է։
Կեցցէ ՍՕԽ-ի նուիրեալ բանակը: Կեցցեն Գամիշլիի նուիրեալ խաչուհիները:
Ուժ եւ կորով իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքին։
Վարչութիւնն ու յանձնախումբը ներկաներուն հարց եւ պատասխանի միջոցաւ նուէրներ բաշխեցին։ Օրուան բախտաւորը հանդիսացաւ արուետագէտ Թամար Շարոյեան-Սարգիսեան, որ ստանձնած էր սրահի յարդարման աշխատանքը։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն