Մանուշն ու Մանուկ վերջապէս որոշում գոյացուցած էին, որ պէտք է ճամբորդել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, իրենց զաւակը՝ Մինասը տեսնելու, որ երկար տարիներէ ի վեր ճամբորդ էր ու անոր կարօտին չէին դիմանար։
Անոնք օտարութեան դառնութիւնը սիրով ճաշակած էին, որպէսզի իրենց սիրելի ու մէկ հատիկ մանչ զաւակը կեանքի մէջ յաջող տեսնէին։ Մինաս հոն յաջողութեամբ շարունակած էր իր ուսումը, գործի ասպարէզ նետուած ու Քեսապ վերադառնալու մասին երբեք չէր մտածած։
Երկար ու բարակ չափելէ ու մտածելէ ետք, աշնան բերքահաւաքի աւարտին ամէնէն յարմար ժամանակն էր ճամբորդելու…  որոշումը առին։
Անոնք իրենց ճամպրուկները պատրաստած ատեն քանի-քանի անգամներ կշռեցին զանոնք եւ ճամպրուկէ-ճամպրուկ իրերը փոխադրեցին, որպէսզի արտօնուած կշիռքին սահմաններուն մէջ տեղաւորուէին։ Անշուշտ «փիկեղ»-ն ու «թոնիրի հաց»-ը ներկայ էին, անոնք չէին կրնար նոյնիսկ բանաւոր բացակայ ըլլալ, անոնց կողքին ներկայ էին պարտէզէն պատրաստուած անանուխն ու նուռի թթուն, որոնք նուազ տեղ չէին գրաւած։ Մանուկ ու Մանուշ շատ մտածեցին՝ թէ՛ ասոնցմէ ո՞ր մէկը կարելի էր զանց առնել…։ Մանուշ նայեցաւ «փիկեղ»-ին եւ «թոնիրի հաց»-ին ու մտածեց, թէ ճիշդ է, որ անոնք մեծ տեղ ու կշիռք գրաւած էին, բայց զանոնք զանց առնելը կարելի չէր, ո՞վ գիտէ Մինաս որքան կարօտցած էր Քեսապը, իսկ Քեսապի կարօտը, համն ու հոտը անոնց մէջ պիտի գտնէր։ Մանուշ Քեսապէն կտոր մը տարած պիտի ըլլար, երբ ասոնք տղուն յանձնէր։ Հետեւաբար ստիպուած իրենց հագուստ-կապուստէն բաժին մը սիրով զիջեցան։
Սպասուած օրը հասած էր։ Մինաս անսահման կարօտով ու անհամբեր կը սպասէր օդակայանի սպասման սրահը։ Մէկ կողմէ շատ ուրախ էր, միւս կողմէ մտահոգ էր, թէ հայրն ու մայրը «գլուխ պիտի հանէի՞ն» այդ երկար ճամբորդութիւնը։ Ճիշդ այդ պահուն, հօր ու մօր շփոթած, բայց ուրախ դէմքերը նկատեց։ Անոնց աչքերը կը փայլէին ուրախութեամբ ու կարօտով, երկուքը անհամբեր ու արագ քայլերով դէպի իրեն կը սուրային։
Ճիշդ է, որ զիրենք փոխուած գտաւ։ Անոնց դէմքի կնճիռները աւելի լայնցած եւ արեւէն դէմքերը այրած էին, բայց սիրտը ուրախութեամբ կը տրոփէր ու կը խայտար։
Հարազատները ողջագուրուեցան։ Մինաս հօր գիրկի ջերմութիւնը կարօտցած էր, կրկին հօր գլուխը շոյեց ու ճակատը համբուրեց։ Իսկ երբ մօր գիրկը նետուեցաւ, անոր ուրախութեան արցունքները այտերը թրջեցին։
Մայրը զինք փոխուած ու հասունցած գտաւ։ Ի՞նչ խօսք իրենց զաւակը տեսնելն ու այդ հանդիպումը աշխարհ կ’արժէր։
Մինչ ինքնաշարժի մէջ կը տեղաւորուէին, Մանուկ քմծիծաղով կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս Մանուշ իրենց ճամպրուկները պիտի չճանչնար, եթէ ինք գունաւոր ժապաւէններ կապած չըլլար անոնց վրայ։ Ուշ գիշեր էր։ Հազիւ ինքնաշարժին մէջ տեղաւորուեցան, սկսան պատմել Քեսապի եւ քեսապցիներու մասին։ Հակառակ անոր, որ շատ յոգնած էին.  բայց ուրախութեամբ կը պատմէին։ Մինաս իր կարգին կարօտով եւ ուշի-ուշով կ’ունկնդրէր այդ նիւթերը։ Անոնք ալ կ’ուզէին մանրամասնութեամբ իրենց տղուն մասին լսել, նոյնիսկ նախապէս պատմուած նիւթերը, իր մեկնած օրէն մինչեւ այսօր։ Դէմ առ դէմ պատմելու ու լսելու հաճոյքը տարբեր էր։
Յաջորդ օրը, Մանուշ առաւօտեան նախաճաշի սեղանը պատրաստած էր.  ուրախ բարի լոյսով դիմաւորեց տղան եւ նախաճաշի հրաւիրեց զինք ճակատը համբուրելով։
_Մա՛մ, ես նախաճաշ չեմ ըներ, չե՞ս յիշեր, առտու միայն նեսքաֆէ մը կը խմեմ։
_Անօթի փորով նեսքաֆէ մի՛ խմեր։ Պատառ մը կեր առաջ,_ աւելցուց Մանուշ։
Մանուշ բան չըսաւ տղուն։ Ի՞նչ պիտի ըսէր։ Առաջ երբ փոքր էր, երբեմն գովելով, երբեմն ձայնը բարձրացնելով կը փորձէր բան մը հասկցնել։ Այսօր տղուն հասակը իր հասակէն աւելի բարձր էր, անոր հետ խօսելու համար նոյնիսկ գլուխը վեր պիտի բարձրացնէր։
Մինաս իր ծնողքին այցելութեան ուրախ առիթով արձակուրդ առած էր, միասին զբօսնելու, զիրենք զուարճացնելու եւ միասին ժամանակ անցընելու։
Մանուշ եւ Մանուկ անշուշտ զարմանքով կը դիտէին ամէն ինչ։ Լայն պողոտաներ, բարձր յարկերով շէնքեր, այդքան բարձր էին, որ իրենց գիւղի բլուրներէն բարձր կը թուէին, շտապող մարդիկ ու ինքնաշարժներ, պսպղուն խոշոր-խոշոր փեղկեր եւ ինչեր-ինչեր չըսես, գլուխ դարձնելու բան է։
Անոնք ուրախ էին Մինասի ընկերակցութեան համար, կարօտցած էին անոր հետ պտըտիլ, թէ՛ ոչ այդ բոլորը ո՛չ Մանուկին, ոչ ալ Մանուշին սրտին կը խօսէին։ Հակառակ, որ զարմանքով կը դիտէին չորս դին, բայց ամէն ինչ կը համեմատէին, բաղդատութեան կշիռքի ծանր թաթը Քեսապը կը ստանար, չկար Քեսապի գեղեցկութեան, բնութեան, փողոցներու, շուկայի, դրացիներու, հրապարակին եւ ամէն ինչին նմանը։
Մինասի պնդումով ու անոնց կամքին հակառակ գնումներ կատարեցին։ Առաւել քանի մը նուէրներ, որ վերադարձին հարազատներուն նուիրեն։ «Ամէն ինչ ունինք,_ կ’ըսէին,_ մէկ ալ հոս ամէն ինչ սուղ է, աս դրամով հոն ինչե՜ր կրնանք առնել», կը կրկնէին երկուքը։ Միայն Մանուկին աչքին  գրպանի սուր դանակ մը ինկաւ, որ պարտէզին համար լաւ գործ կը տեսնէր, այդ մէկը ուզեց ունենալ։
Մինասին արձակուրդի օրերը շուտով սպառեցան։ Մանուկ ու Մանուշ տան չորս պատերուն մէջ նստած բանտարկեալի հոգեվիճակի մէջ էին։ Ժամերը հոս որքան դանդաղ կը քալէին, իսկ իրենց ձեռքի ժամացոյցներուն սլաքները կարծէք Քեսապի մէջ տարբեր եռանդով կ’աշխատէին, հոն սլաքները կը վազէին իրենց աշխատանքի հեւքին հետ։ Իսկ այս օտար ափերուն մէջ, ո՛չ կրնային վազել, ոչ իսկ քալել, նմանապէս կը դանդաղէին իրենց ժամացոյցի սլաքները։
Մանուկ գլխու շարժումով Մանուշին տուած ճառին համաձայնութեան նշան տուաւ, ճառը ի՞նչ էր։ Ան կը մտածէր, որ
ինք նախանձելի անձ մըն էր իր գիւղին մէջ, իր զաւակը այդ դիրքին հասած էր, ինքն ալ հպարտ էր զաւակով, բայց ո՛չ տղան ետ կը վերադառնար իր պապերուն տունն ու տեղը, ոչ ալ ինք կրնար այս երկրին մէջ կեանքը շարունակել։ Օտարութեան դառն ճակատագիրը կամայ թէ ակամայ քաղցրութեամբ պէտք է տանէր։
Այս մտածումներուն մէջ խորասուզուած Մինասին ինքնաշարժը նկատեց, կարծես օդի մէջ թթուածինի տոկոսը բարձրացաւ այդ պահուն, եւ աւելի լաւ սկսաւ շնչել։ Ուրախութիւնը սիրտը պատեց, դէմքին վրայ ինքնաբերաբար լայն ժպիտ մը գծուեցաւ, ձեռքը բարձրացուց, զինք տեսնելու նշան տուաւ։ Հազիւ տղան ներս մտաւ ըսաւ.
_Մինաս, եկա՞ր։
_Ո՛չ,_ պատասխանեց տղան,_ պարտէզը փայտ կը կտրեմ։
Այդպէս ըսաւ՝ ինչպէս հայրը կը պատասխանէր մօր, երբ պարտէզէն տուն կը վերադառնար։
Երեքին բարձրաձայն խնդուքը սենեակին մէջ ստեղծուած մթնոլորտը վանեց, երեքը այդ վայրկեանին երջանկութիւնը վայելեցին…։
Սեւան Ա. Մանճիկեան